«Եւրոպական Միութիւնը, Որ Մեզ Ամէն Մարզի Մէջ Կը Քննադատէ, Պէտք Է Ահաբեկչութեան Հետ Իր Յարաբերութիւնները Լուսարձակի Տակ Առնէ» Կ՛ըսէ Էրտողան
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ շարունակեց քննադատել Եւրոպական Միութիւնը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) իր հողամասերուն վրայ գործել արտօնելուն համար:
«Եւրոպական Միութիւնը, որ մեզ ամէն մարզի մէջ կը քննադատէ, պէտք է ահաբեկչութեան հետ իր յարաբերութիւնները լուսարձակի տակ առնէ», ըսաւ ան` իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական պլոքի ժողովին ընթացքին:
«Եւրոպական Միութեան եւ ահաբեկիչներուն միջեւ այս սէրը ի՞նչ է: Ասիկա որքա՞ն երկար պիտի տեւէ», հարց տուաւ ան:
CATEGORIES Միջազգային

