«Սուրիոյ Մէջ Բռնարարքներուն Վերջ Տալու Համար ՄԱԿ-ի Միջամտութիւնը Կարեւոր Է» Կ՛ըսէ Սէուտ Ֆայսալ
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն վերջ տալու համար ՄԱԿ-ի միջամտութիւնը կարեւոր է»:
«Պէտք է սուրիական տագնապին նկատմամբ միջազգային տեսակէտները միաւորել», ըսաւ ան` նշելով, որ «սուրիական հարցը սուրիացիներէն կախեալ է»:
«Սուրիական վարչակարգը կը մերժէ խաղաղ լուծումը եւ իշխանութեան փոխանցումը, իսկ միջազգային ընտանիքը բռնարարքները դադրեցնելու կարողութիւնը չունի», ըսաւ ան` հարց տալով, որ «վարչակարգին կողմէ այս մերժումին եւ արիւնահեղութեան ի տես միջազգային ընտանիքը ի՞նչ պիտի ընէ»: «Քաղաքական լուծման մերժումին պատասխանատուն իշխանութիւնն է», նշեց Սէուտ Ֆայսալ իշխանը:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ սուրիական կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ դիմագրաւած ներկայ կացութիւնը պատճառ դարձած է, որ քաղաքացիներուն յոյսերը առաւել եւս կապուին կառավարութենէն իրենց յուսացածին` նշելով, որ քաղաքացին եւս իր պարտաւորութիւնը պէտք է կատարէ` հասնելով մինչեւ իւրաքանչիւր պետական հաստատութեան կամ պետութեան եւ քաղաքացիներուն միջեւ հաւաքական աշխատանքին, որպէսզի տագնապին ազդեցութիւնը մեղմանայ:
«Սուրիան թիրախ դարձնող կողմերը կանոնաւոր աշխատանք տարին քաղաքացիին մտային պատրաստուածութիւնը քանդելու, ինչ որ մեզմէ կը պահանջէ այդ փորձերը դիմակայելու համար աւելի մեծ ջանքեր թափել», ըսաւ Ասատ:
Սուրիական ընդդիմադիր Ժողովրդավարական փոփոխութեան սուրիական ազգային ուժերու համակարգող խորհուրդի արտասահմանի ներկայացուցիչ Հայսամ Մաննահ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգին կողմէ Ազգային համաձայնական խորհուրդի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպի նախաձեռնութիւնը մերժելը ցոյց կու տայ, թէ սուրիական իշխանութեանց մէջ տակաւին գոյութիւն ունի ուժեղ եւ ազդու ուղղութիւն մը, որ զինուորական լուծումը լաւագոյն ուղին կը նկատէ` նշելով, որ «այդ ոչ կառուցողական ուղղուածութիւնը կը մերժէ քաղաքական որեւէ լուծում, որեւէ նախաձեռնութիւն ընդունելու փափաք չունի եւ կը շարունակէ առօրեայ սպանութիւնը»:
Մաննահ նաեւ յայտնեց, որ «Թուրքիա ուրիշները անհաւատ նկատողները կը ֆինանսաւորէ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ համագործակցելով Սուրիա կ՛ուղարկէ, իսկ այդ աջակցութեան նպատակը Անգարայի այն գրաւն է, որ ամբողջ աշխարհը ապագային այդ ուրիշները անհաւատ նկատողները հակակշռելու համար իրեն պէտք պիտի ունենայ»: Ան նշեց, որ «ժիհատականներու Սուրիայէն հեռացումը ժողովրդավարական ծրագիրին համար հիմնական նախապայման մըն է, եւ անոնց ներկայութիւնը բազմազանութիւնը քանդող ազդակ մըն է»:
Նշենք, որ Սուրիացի նախարար Ալի Հայտար յայտարարեց, որ պատրաստ է Խաթիպի հետ արտասահմանի մէջ հանդիպում ունենալու:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ երկուշաբթի օր տեղի ունեցած պայթումը ականուած ինքնաշարժով յարձակում մըն էր: Ան ըսաւ, որ այդ պայթումը զգայուն հարց մըն է` նշելով, որ կառավարութիւնը երեք նախարարներ լիազօրած է դէպքին վայրը երթալով հետաքննութեանց հսկելու: Էրտողան ընդգծեց, որ թրքական կառավարութիւնը դէպքին շուրջ իր կեցուածքը պիտի յայտարարէ հետաքննութեան աւարտէն ետք:
Սուրիական ազգային խորհուրդի նախագահ եւ Ազգային համաձայնական մարմինի փոխնախագահ Ժորժ Սապրա երէկ յայտարարեց, որ երկուշաբթի օր Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանային Պապ Հաուա անցքին վրայ տեղի ունեցած ականահարումը իր դէմ կատարուած մահափորձ մըն էր:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ հերքեց կարգ մը լրատուամիջոցներու տարածած այն լուրը, թէ Իրան Հըզպալլայի օգնութեամբ Սուրիոյ մէջ միլիսներ կազմած է, եւ ամերիկացի պաշտօնատարներուն կոչ ուղղեց «Սուրիոյ մէջ ճշմարտութիւնները աչքի առջեւ ունենալու»: Ամերիկացի եւ միջինարեւելեան պաշտօնատարներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած էին, որ Իրան եւ Հըզպալլա ներկայիս Սուրիոյ մէջ ստեղծած են միլիսներ, որոնք սուրիական կառավարական ուժերու կողքին կը կռուին, սակայն ըստ իրենց, զանոնք ստեղծելու Իրանի հեռահաս նպատակը այն է, որ Սուրիոյ մասնատման պարագային կարելի է այդ միլիսներուն վրայ յենիլ` ստեղծելու համար ցեղային եւ յարանուանական անջատ շրջաններ:
Մինչ այդ, փորձագէտներ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած են, որ Իսրայէլի կողմէ վերջերս Դամասկոսի մօտ գտնուող գիտական հետազօտութեան կեդրոնի մը դէմ կատարուած յարձակումը Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ զէնքերու փոխադրութեան գործողութեանց դէմ երկարատեւ պատերազմի մը առաջին քայլն է:
Իսրայէլացի փորձագէտ մը օրաթերթին յայտնած է, որ Իսրայէլ մասնաւորաբար չորս տեսակի զէնքերու Հըզպալլայի փոխանցումէն կը վախնայ: Անոնք են` հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերը, հեռահար հրթիռները, ցամաքէն դէպի ծով արձակուող հրթիռները եւ վերջապէս քիմիական զէնքերը: Մասնագէտը կ՛աւելցնէ, որ Իսրայէլ պատրաստ է յարձակում գործելու ամէն անգամ, որ այն կասկածը ունենայ, թէ այսպիսի զէնքերու փոխադրութեան գործողութիւն տեղի կ՛ունենայ:
Միւս կողմէ, ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախկին վարչապետ Ռիատ Ֆարիտ Հիժապ յայտարարած է, որ Սուրիոյ ընդդիմութիւնը կ՛ուզէ Արաբական լիկայի եւ այլ միջազգային կառոյցներու մէջ Սուրիոյ պատկանող աթոռը ստանալ:


