Հիւսիսային Քորէայի Հիւլէական Փորձը Միջազգային Դատապարտումի Ալիք Մը Բարձրացուց

Հիւսիսային Քորէա այդ ուղղութեամբ զգուշացումները անտեսելով եւ մինչեւ օրս հիւլէական իր ամէնէն հզօր փորձը կատարեց: Վիեննայի մէջ դէտեր յայտնեցին, որ գետնին տակ տեղի ունեցած պայթումը 2009-ին տեղի ունեցած վերջին փորձին ուժին կրկնապատիկն էր, հակառակ անոր որ օգտագործուած կազմածը աւելի փոքր էր:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն դատապարտեց փորձը` զայն նկատելով ՄԱԿ-ի որոշումներու «յստակ եւ լուրջ խախտում» մը, ինչպէս նաեւ «խորապէս անհանգստացնող» գրգռութիւն մը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա փորձը «մեծապէս գրգռիչ արարք մը» նկատեց եւ կոչ ուղղեց միջազգային «արագ» ու «հաւաստի» հակադարձութեան: Հիւսիսային Քորէայի գլխաւոր դաշնակից Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եանկ Ժիշի «խիստ դիտողութիւն» ներկայացուց Փեքինի մէջ Հիւսիսային Քորէայի դեսպանին եւ Չինաստանի «խոր դժգոհութիւնն ու վճռակամ ընդդիմութիւնը» արտայայտեց փորձին նկատմամբ:

Հիւլէական փորձը քննադատեցին նաեւ Հարաւային Քորէան, Ճափոնը, Ռուսիան, Ֆրանսան, Փաքիստանը եւ Իրանը: Վերջինս հիւլէական ռումբերէ զուրկ աշխարհի մը ստեղծման կոչ ուղղեց:

Share this Article
CATEGORIES