Մեծ Պահքի Շրջանին Առողջ Սննդապահութեան Մասին Օգտակար Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, երէկ` երեքշաբթի, 12 փետրուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Կոմիտաս» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, որուն նիւթն էր «Առողջ սննդապահութիւն` Մեծ պահքի շրջանին»:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Նորայր Նաճարեան, որ ներկայացուց նիւթին կարեւորութիւնը եւ օրուան դասախօս Անի Տեկիրմենճեան-Ժերդիտեանի հակիրճ կենսագրութիւնը:
Ապա Տեկիրմենճեան-Ժերդիտեան խօսեցաւ պահեցողութեան շրջանին օգտաշատ սննդականոնի հետեւելու կարելիութիւններուն մասին: Ան հաստատեց, որ կաթնեղէնի եւ մսեղէնի փոխարէն ընդեղէններն ու հացահատիկները կրնան տուեալ փրոթէյինը մարմինին ապահովել:
Անի Տեկիրմենճեան-Ժերդիտեան նաեւ անդրադարձաւ սննդականոնին հետեւելու կարեւորութեան եւ ոչ սննդարար ուտելիքներու ժխտական ազդեցութիւններուն: Դասախօսը յայտնեց, որ հայկական աւանդական ճաշերը պէտք է վերականգնին, որովհետեւ ունին շատ օգտակար ազդակներ:
Աւարտին ներկաները հարցումներու ընդմէջէն նիւթին շուրջ ստացան յաւելեալ տեղեկութիւններ:

