Հեծելարշաւ. Շաբաթական Փորձեր` Լիբանանի Ազգային Խումբին
Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Լիբանանի ազգային խումբը շաբաթական փորձեր կը կատարէ պատրաստուելու համար այս տարուան երկու կարեւոր իրադարձութիւններուն:
Առաջինը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ յունիսին, երբ Մերսինի մէջ (Թուրքիա) կատարուին միջերկրականեան խաղերը, իսկ երկրորդը` յառաջիկայ սեպտեմբերին, երբ ֆրանսական Նիս քաղաքը հիւրընկալէ ֆրանսախօս երկիրներու խաղերը:
Ազգային խումբին փորձերը տեղի պիտի ունենան կիրակի օրերը, կէսօրէ առաջ, «Մարինա» շրջանին մէջ (Տըպպայէ)` հսկողութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանի, փոխնախագահ Վազգէն Մելիքեանի եւ Քայսար Սալլումի:
Նախորդ կիրակի օրուան նման, Ա. հանգրուանին տեղի պիտի ունենան յատուկ փորձեր` զօրաւոր կազմուածքի եւ յոգնածութեան նշաններու առնչութեամբ:
Փորձեր կատարող մարզիկներուն տարիքը 23 տարեկանէն վար է, բացի Եուսեֆ Նատերէն եւ Հայկ Մելիքեանէն, որոնք կը պատրաստուին միջերկրականեան խաղերուն:
Մնացեալներն են` Ապտալլա Ար, Քամալ Շաապան, Ահմետ Մրատ, Պրունօ Տապաղեան, Ճոնի Նատեր, Հասան Հաժ (տղաք), Ուիամ Եունես, Լինտզի Նատեր եւ Թրէյսի Խայյաթ (աղջիկներ):

