24 Հայ Ֆութպոլի Իրաւարարներ Ուսումնամարզական Հաւաքի Մը Սկսան Անթալիոյ Մէջ

Շաբաթասկիզբին Հայաստանի բարձրագոյն եւ առաջին դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները սուլող 24 հայ ֆութպոլի իրաւարարներ ուսումնամարզական հաւաքի մը սկսան Անթալիոյ մէջ (Թուրքիա): Անիկա պիտի աւարտի 25 փետրուարին:

Այդ հաւաքին ընթացքին կեդրոնի եւ կողմի իրաւարարները առիթ պիտի ունենան Անթալիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաքներ կատարող խումբերուն մրցումները սուլելու:

Նշենք, որ Անթալիա մեկնած պատուիրակութիւնը գլխաւորող անձն է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Աշոտ Մանուկեան:

 

Share this Article
CATEGORIES