Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Եւ Երիտասարդներու Հաւաքականները Փորձ-Մրցում Պիտի Կատարեն Իրարու Դէմ

Հայկական լրատուական աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի երկու` ազգային եւ երիտասարդական հաւաքականները փորձ-մրցում պիտի կատարեն իրարու դէմ:

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, Հայաստան – Չեխիա մրցումին (2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարք) պատրաստուելու համար, յառաջիկայ 19 մարտին պիտի սկսի ուսումնամարզական հաւաքի մը, որուն ընթացքին 21 մարտին փորձ-մրցում մը պիտի կատարէ Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականին դէմ:

Նշենք, որ Չեխիոյ դէմ կատարուելիք մրցումը (26 մարտին) տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES