50 Տարի Առաջ (14 Փետրուար 1963)

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ
Անուան Տօնակատարութիւնը

Կիրակի, 10 փետրուար 1963, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ աննախընթաց հանդիսութեամբ:

Եկեղեցւոյ ու դպրոցի բարենորոգումները աւարտած էին եւ թաղականութեան, հոգաբարձութեան ու շինութեան յանձնախումբին աննկուն կամքով կատարած տքնաջան աշխատանքները տուած էին իրենց լաւագոյն արդիւնքը:

Ոգեւորութիւնը գագաթնակէտին հասած էր, երբ հեռաւոր Ափրիկէէն ազնուական հայորդի մը, բնիկ սիսեցի Աքսոր Գասարճեան, յանձն կ՛առնէր 75.000 լիբ. ոսկի նուիրատուութեամբ դպրոցին ունեցած մտահոգիչ պարտքը վճարել:

Այս ուրախ առիթով մեծ պատրաստութիւններ տեսնուած էին բոլոր տարիներէն աւելի մեծահանդէս շուքով տօնելու Ս. Սարգիսը:

Շաբաթ օրուընէ սկսած էր եռուզեռը: Ամբողջ Նոր Սիսը դրօշազարդուած էր լիբանանեան ազգային դրօշներով: Դպրոցի մուտքին շինուած յաղթական շքեղ կամարը առաւել փայլ մը տուած էր թաղին:

Կիրակի առաւօտ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ զանգակին ղօղանջիւնը եւ եկեղեցական հանդիսաւոր արարողութիւններու հոգեպարար երգեցողութեանց ձայնասփռումը հետզհետէ լեցուցին եկեղեցին, բակը եւ փողոցները, թաղէն ու հեռաւոր շրջաններէն եկող տասը հազար հաւատացեալներու, առաւելաբար սիսեցիներու բազմութեամբ:

Ժամը 9:30-ին Զարեհ Ա. կաթողիկոսի եւ լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի ժամանումը, մօտ 200 ինքնաշարժներու թափօրով, խանդավառութիւնը հասցուց գագաթնակէտին:

Յաղթական կամարին տակ, վեհափառի մուտքին, ոչխար մը զենուեցաւ:

Պատարագիչն էր Մաշտոց աբղ. Յովսէփեան: Ս. պատարագի ընթացքին վեհափառը կատարեց օծումը եկեղեցւոյ մարմարակերտ նոր խորանին:

Առաջնորդ սրբազանը, յանուն առաջնորդարանի եւ Ազգային իշխանութեանց, արեւշատութիւն մաղթեց Զարեհ Ա. կաթողիկոսին, որուն հայրական հովանիին տակ եւ իմաստուն խորհուրդներով կը բարգաւաճին Կիլիկիոյ թեմերը ամէնուրեք: Օրհնեց կաթողիկոսարանի բարերար սիսեցի Միսաք Ազիրեանը, որ անդադրում իր նուիրատուութիւններով բարերար եւ օգտաշատ գործ կը կատարէ: Օրհնեց սիսեցի բարերար Աքսոր Գասարճեանը, որ իր սրտաբուխ եւ կարեւոր նուիրատուութեամբ խանդավառեց իր հայրենակիցները: Օրհնեց սիսեցի Անդրանիկ Աթայեանը, որ 6000 լիբ. ոսկիի նուիրատուութեամբ յանձն առաւ մարմարակերտ Ս. խորանին շինութիւնը: Օրհնեց թաղականութեան, հոգաբարձութեան եւ շինութեան յանձնախումբին անդամները, որոնք իրենց ազգանուէր գործունէութեամբ եւ ձեռք բերած այս սքանչելի յաջողութիւններով մեծ գործ կատարեցին: Օրհնեց նաեւ սիսեցի աւանդապահ ժողովուրդը, որ ջերմեռանդ բարեպաշտութեամբ եւ պարտաճանաչ գիտակցութեամբ տէրն է իր ազգային իրաւունքներուն:

Վեհափառ հայրապետը աւուր պատշաճի քարոզեց եւ նմանապէս տուաւ իր օրհնութիւնները: «Ուրախ եմ դարձեալ ձեր մէջ գտնուելուս, կրկին ձեզի հետ աղօթելուս առ Աստուած եւ մանաւանդ ուրախ եմ` տեսնելով իմ ժողովուրդիս յաւիտենականութիւնը»:

Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն:

Պաշտօնական արարողութեամբ կատարուեցաւ նաեւ դպրոցի նոր անուան «Աքսոր Գասարճեան Ազգ. երկ. վարժարան»-ի մկրտութիւնը:

Անահիտ Գասարճեան, կարճ ուղերձով մը, արաբերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն տառերով եւ գեղեցկօրէն փորագրուած դպրոցին նոր անունը կրող մարմարեայ ցուցատախտակին վրայի քողը քաշեց խանդավառութեան եւ երկարատեւ ծափերու մէջ:

Ապա տեղի ունեցաւ աւանդական մեծ ճաշկերոյթ` նորակերտ վարժարանին մէջ:

Ճաշկերոյթին ներկայ եղան` վեհափառը, առաջնորդ սրբազանը, Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամներ, պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Վարդգէս Շամլեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, Ազգային իշխանութեանց անդամներ, ազգային երեւելի անձնաւորութիւններ, բարերարներ, թաղականութեան, հոգաբարձութեան եւ շինութեան յանձնախումբի անդամներ: Բազմաթիւ կենաց բաժակներ պարպուեցան:

Վեհափառ հօր աղօթքով վերջ գտաւ այս շքեղ տօնակատարութիւնը եւ ներկաները բաժնուեցան իրարմէ լաւագոյն տպաւորութիւններով:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Նամակ Խմբագրութեան

Սրտառուչ Կոչ Մը
Հայ Երիտասարդութեան

Սիրելի՛ հայ երիտասարդ բարեկամներ,

Բոլորիդ ծանօթ է, որ Պէյրութի կարգ մը շարժանկարի սրահներուն մէջ վերջերս սկսած են ցուցադրուիլ թրքական ժապաւէններ: Յստակ ու որոշ է, որ այդ ժապաւէնները կը քաջալերուին առաւելաբար թրքախօս հայ զանգուածներէն:

Այս երեւոյթը դատապարտուեցաւ հայ մամուլին կողմէ: Դժբախտաբար անարձագանգ մնաց եւ որեւէ արդիւնք չտուաւ:

Հակառակ մեր յառաջդիմող մշակութային բազմաթիւ հաստատութիւններու տարած ջանքերուն եւ հայեցի դաստիարակութեան յարաճուն վերելքին, տակաւին թրքախօսներու եւ թրքերէն երաժշտութիւնը սիրողներու ստուար թիւ մը ունինք:

Իբրեւ հայ արժանապատուութեան եւ ազգային զգացումներու գիտակից հայեր` անհրաժեշտ է, որ տարբեր միջոցներու դիմենք եւ զանազան կերպեր որոնենք մեր կեանքի մէջ ներմուծուած այս անպատուաբեր երեւոյթը դարմանելու համար:

Շատեր թրքախօսութեան եւ թրքական ժապաւէններու ցուցադրութեան հանդէպ խոր զայրոյթ ունին:

Ամէն հայ գիտակից երիտասարդ պէտք է իրեն բաժին ինկած պարտականութիւնը յանձն առնէ եւ լծուի գործի:

Այս նուիրական գործին ղեկավարութիւնը պէտք է ստանձնեն մեր վարժարաններու տնօրէններն ու ուսուցիչները, մարզական միութիւններու վարչութիւնները, պատանեկան միութեանց վարչութիւնները, հայրենակցական միութեանց վարչութիւնները եւ բոլոր ազգօգուտ կազմակերպութեանց վարիչ ղեկավարները:

Համոզուած եմ ու կը հաւատամ, որ եթէ ժողովներու ընթացքին օրակարգի նիւթ դարձուի այս հարցը, եթէ հանդիսութեանց, հաւաքոյթներու կամ ընտանեկան յարաբերութիւններու ընթացքին, առանց յուսահատելու, յարատեւ աշխատանքով ու պայքարով, ամէն սրտցաւ հայ յիշեցնէ իր թրքախօս ընկերոջ կամ բարեկամին, առանց կիրքի ու վիրաւորանքի, ազգասիրական համոզիչ խօսքերով, որ դադրի թրքախօսութենէ եւ թրքական ժապաւէնները քաջալերելէ, կարելի պիտի ըլլայ վերջ տալ այս ամօթալի երեւոյթին:

Օ. Պ.

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )