Մեծ Պահքի Առաջին Օրերու Խորհուրդը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Արդէն թեւակոխեր ենք Մեծ պահքը:

Անցեալին տուներուն մէջ Մեծ պահքի օրերը նշուեր են տօնի պէս: Մեր մեծերը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէին Աւագ շաբթուան բոլոր օրերուն: Այդ օրերը անուանակոչուած էին. երկուշաբթին կը կոչուէր բակլայ խորան, երեքշաբթին` խորանի խորան, չորեքշաբթին` մկան կիրակին, հինգշաբթին` կատաղած շան, ուրբաթը` չարչարոց` չար աչքէ զերծ մնալու համար, իսկ շաբաթը` թալալոսի:

Առաջին օրը տանտիրուհիները աղանձ կը պատրաստէին, ընդհանրապէս աղանձ շատ կ՛ուտէին` հաւատալով, որ երկարատեւ պահքի պատճառով «բերանները չեն հոտիր եւ շուրթերը չեն ճաթռտիր»:

Ազգագրագէտ Ս. Մկրտիչեանի խօսքերով, Մեծ պահքի սկիզբը խորհրդանշող երկուշաբթին ծանօթ է «լուացարուք-սրբեցարուք» անունով. տանտիկինը քարը կը դնէր երդիքը եւ ուրիշ քար մը վերցնելով` տունը գտնուողներուն երդիքէն կը հարցնէր` «ի՞նչ աղամ». վարէն կը պատասխանէին` «մուկ, օձ, կարիճ աղա»: Այնուհետեւ ձեռքի քարը կը քսէր միւսին` իբր թէ կ՛աղար:

Աւագ շաբաթը ապաշխարութեան օր համարելով` ծանր գործեր չէին կատարեր, կիները ճախարակ չէին մաներ, կար չէին ըներ:

Ազգագրագէտին խօսքով, Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ կիները առաստաղին վրայ աստղերու եւ անասուններու նկարներ կը նախշէին: Լոռիի շրջանին մէջ արգիլուած էր տան օճախը մարել, մեղք կը համարուէր: Ուրիշներ Մեծ պահքի առաջին օրը կը կոչէին «կրակի կիրակի». ան, որ չէր նշեր զայն, «անոր հագուստները կ՛այրէին»:

Պահքի Խորհուրդը

 

Պահքի 40 օրերը կը խորհրդանշեն անապատին մէջ Քրիստոսի քառասնօրեայ աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ապաշխարութեան շրջանը:

Քառասնօրեայ պահքին կը յաջորդէ պահքի եւս մէկ շաբաթեայ շրջան`  Աւագ շաբաթը: Այդ է պատճառը, որ պահքը 48 օր կը տեւէ:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդները պահքի շրջանին կ՛օգտագործեն բուսական ծագում ունեցող սննդամթերք: Պահքի ընթացքին հաւատացեալները ոչ միայն կը հրաժարին որոշակի կերակուրներէ, այլեւ` մոլի սովորութիւններէ, շատախօսութենէ, ստախօսութենէ, հայհոյանքէ եւ այլ մեղքերէ:

Պահքը առաջին հերթին կամաւոր ինքնազրկումն ու զսպուածութիւնն է ուտելիքին նկատմամբ: Եկեղեցական աւանդութեան համաձայն, 3 տեսակի պահքեր գոյութիւն ունին: Առաջինը սովորական պահքն է` կենդանական ծագում ունեցող ուտելիքներէն (բացի մեղրէն) եւ ոգելից խմիչքներէն հրաժարիլը: Երկրորդը սրբապահքն է` հրաժարումը նաեւ բուսական ծագումով, սակայն ճոխ ու համադամ ուտելիքներէն, սնանելով մի միայն աղուհացով (Մեծ պահքի շրջանը նաեւ կը կոչուի աղուհացի շրջան): Երրորդը ծոմն է` թէ՛ ուտելիքէ եւ թէ՛ ջուրէ ինքնազրկումը:

Ի՞նչ Կը Թելադրուի Ընել
Պահքի Ժամանակ

 

– Առաջին հերթին` աղօթել եւ հաղորդուիլ Աստուծոյ հետ:

– Ջանալ բարիք գործել, այսինքն` օգնել եւ օժանդակել համայնքի հաստատութիւններուն, կրթական, կրօնական կամ բարեսիրական նպատակներու համար գործող միութիւններուն:

– Նիւթական եւ հոգեւոր օժանդակութիւն ցուցաբերել աղքատ ու հաշմանդամ մարդոց եւ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին:

– Եթէ ի վիճակի չենք նիւթական օգնութիւն տալու, կրնանք ժամանակ տրամադրել ազնիւ նպատակներու եւ գործերու` այցելելով հիւանդներու, որբերու, բանտարկեալներու, ծերերու եւ սգաւորներու եւ կիսել անոնց ցաւերը:

– Վերլուծել սեփական «ես»-ը:

 

Հետաքրքրական

 Սուրճի Մրուրի Օգտագործումը

Օրական աշխարհի չորս ծագերուն միլիոնաւոր մարդիկ սուրճ կը խմեն եւ գաւաթները կը լուան` առանց մտածելու, որ սուրճի մրուրը կրնայ իրենց օգտակար դառնալ առօրեայ կեանքին մէջ:

Օգտուելու համար սուրճի մրուրի բարիքներէն` անհրաժեշտ է զայն մաքուր թուղթի վրայ չորցնել արեւի տակ կամ փուռը: Հոս կարեւորութեամբ նշենք, որ սուրճին մրուրը պէտք է զերծ ըլլայ շաքարէ եւ սուրճին տեսակը պէտք է ըլլայ աղացուած, ոչ թէ լուծուող:

Այսպէս, սուրճին մրուրը կարելի է օգտագործել որպէս`

1

ՄՈՐԹԸ ՄԱՔՐՈՂ: Սուրճի մրուրին աւելցնել քանի մը կաթիլ լոգանքի ժել, ապա ստացուած նիւթով եւ մատներուն ծայրամասերով շփել դէմքը կամ ձեռքերը` մեռած բջիջները մաքրելու եւ մորթին ողորկ տեսք տալու համար: 5 վայրկեան մարձելէ ետք ցօղուել գաղջ ջուրով:

2

ՄԱԶԸ ԹԱՐՄԱՑՆՈՂ: 2 ապուրի դգալ սուրճի մրուրին աւելցնել 1 լիթր եռացած ջուր եւ ձգել, որ պաղի: Հեղուկը անցընել բարակ քամոցէ եւ ապա անով ցօղուել մազերը: Ասիկա թելադրելի է մութ գոյն մազ ունեցողներուն` մազերուն փայլք եւ յաւելեալ մթութիւն տալու համար:

3

ԲՈՅՍԵՐՈՒ ՊԱՐԱՐՏԱՑՈՒՑԻՉ: Սուրճին մրուրը ազոթ եւ այլ օգտակար մանր տարրեր կը պարունակէ, այդ պատճառով ալ շատ մը բոյսերու հողը կարելի է սուրճի մրուրով պարարտացնել: Սուրճին մրուրը նաեւ կ՛օգնէ, որ հողը չկարծրանայ եւ փխրուն մնայ:

4

ԳԷՇ ՀՈՏԵՐԸ ՉԷԶՈՔԱՑՆՈՂ: Կտաւէ, փոքրիկ ծրարիկի մէջ լեցուած սուրճի մրուրը մեծ տեղ չի գրաւեր սառնարանին կամ պահարանին մէջ, եւ զգալիօրէն կը չէզոքացնէ անախորժ հոտերը: Թելադրելի է ժամանակ առ ժամանակ ծրարիկին մրուրը փոխարինել նորով:

5

ՊՆԱԿՆԵՐԸ ՄԱՔՐՈՂ: Սուրճի մրուրը պնակները լուալու հեղուկ դեղին կողքին լաւ միջոց է ճաշի պնակները ձերբազատելու իւղէ եւ անախորժ հոտերէ:

6

ԿԱՏՈՒՆԵՐԸ ՀԵՌԱՑՆՈՂ: Կատուները սուրճի հոտէն չեն ախորժիր, եթէ կ՛ուզենք, որ անոնք տան որոշ մասերէն հեռու մնան, ապա որոշ անկիւններ սուրճի մրուր դնել, ի հարկին` նարինջի կեղեւի կտորներ աւելցնելով:

 7

ՄԻՋԱՏՆԵՐԸ ՀԵՌԱՑՆՈՂ: Եթէ կը փափաքինք ձերբազատիլ միջատներէն եւ ճանճերէն, սուրճի մրուր դնենք փոքրիկ մոխրամաններու մէջ եւ զանոնք զետեղենք տան տարբեր սենեակներուն մէջ, բաց պատուհաններուն եւ պատշգամներուն մուտքին:

8

ՄԻՍԸ ՓԱՓԿԱՑՆՈՂ: Սուրճը յաճախակիօրէն կ՛օգտագործուի խմորեղէններու պատրաստութեան մէջ, բայց քիչեր գիտեն, թէ սուրճի մէջ կարելի է միսը թաթխել` եփելէ առաջ: Սուրճը միսին փափկութիւն եւ յատուկ համ կու տայ:

9

ԽՑՈՒԱԾ ԽՈՂՈՎԱԿՆԵՐԸ ՄԱՔՐՈՂ: Եթէ խոհանոցի լուացարանին խողովակը թեթեւօրէն խցուած է, կարելի է սուրճի մրուրով մաքրել զայն եւ անցքը բանալ: Սուրճին մրուրը որպէս կանխարգիլող միջոց կարելի է գործածել լուացարանին խողովակին համար: Անիկա կ՛արգիլէ, որ խողովակին ներքին պատերուն աղտեր կուտակուին ու քարանան:

10

ՀԱՆԴԱՐՏԵՑՆՈՂ ԵՒ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆՈՂ: 250 կրամ աղացուած սուրճը լեցնել փոս ամանի մը մէջ, աւելցնել 3 ապուրի դգալ մեղր, 1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ, 1 թէյի դգալ փոշի կասիա եւ քանի մը կաթիլ ձէթ: Ստացուած նիւթը տարածել մարմնին զանազան մասերուն վրայ եւ մարձել: Այս խառնուրդը ոչ միայն հաճելի ու թարմացնող հոտ ունի, այլեւ կը թեթեւցնէ հոգեկան ընկճուածութիւնը եւ կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը:

 

Առողջապահական

Հոտաբուժում (Aromatherapy).-

Ապացուցուած է, որ ծաղիկները ոչ միայն կը մաքրեն շրջակայ տարածութիւնը, այլեւ անոնց հոտը կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը, մարմնի շարժողականութիւնը, աշխատունակութիւնը: Ծաղիկներու հոտը հակադարձութեան ճանապարհով կ՛ազդէ կեդրոնական ջղային համակարգին վրայ` ունենալով գրգռող կամ հանգստացնող յատկութիւն: Անոնք կը պատճառեն նաեւ տեսողական հաճոյք: Օրինակ` խորդենին (geranium), որուն տեսքը եւ հոտը հոյակապ հանգստացնող միջոց են գրգռուած եւ լարուած ջղային համակարգ ունեցող անձերուն համար:

Նարինջի, կիտրոնի, խնկենիի, եղիսապակի, նարդոսի, կատուախոտի եթերաիւղերը ունին բուժական կարեւոր նշանակութիւն:

Ժողովրդական բժշկութիւնը կարեւորութիւն կու տայ նաեւ ոչ օրկանական միջոցներով բուժումին` այդ նպատակով օգտագործելով ոսկին, արծաթը, պղինձը, ինչպէս նաեւ թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք քարերը, յաճախ մարգարիտը եւ սադաֆը:

 

Խաշած Գետնախնձորով
Քէօֆթէ

Բաղադրութիւն

– 3 գաւաթ գետնախնձոր` խաշած եւ ջաղացքէ անցուած
– 3 գաւաթ մանր ձաւար
– 2 գաւաթ լոլիկ` մանրուած
– 1/2 կապոց ազատքեղ` մանրուած
– 1 ապուրի դգալ պղպեղի խիւս
– 1 միջակ մեծութեամբ սոխ` մանրուած
– 1 գաւաթ ձէթ
– Սեւ պղպեղ
– Քիմիոն
– Աղ

Պատրաստութիւն

1.- Ձաւարը թրջել, վրան աւելցնել` լոլիկը, պղպեղի խիւսը, աղն ու համեմները:

2.- Ձգել, որ ձաւարը լոլիկին ջուրը ծծէ:

3.- Աւելցնել գետնախնձորը, սոխը, ազատքեղն ու ձէթը: Լաւ մը շաղել: Ձեռքերը թրջելու համար օգտագործել ձէթը:

4.- Ափին մէջ փոքր գունդ մը դնել, մատներով սեղմել, եւ զանոնք շարել ներկայանալի ամանի մէջ:

 

Սֆուֆ

Բաղադրութիւն

– 4 գաւաթ ալիւր
– 2 գաւաթ շաքար
– 1 մեծ դգալ սաֆրա
– 3 պզտիկ դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 1 գաւաթ ձէթ
– 2 գաւաթ անիսոնի ջուր

Պատրաստութիւն

1.- Վերոնշեալ բաղադրութեան նիւթերը իրարու խառնել:
2.- Ձէթով իւղոտել ափսէն: Բաղադրութիւնը տարածել ափսէին մէջ, վրան ցանել շուշման:
3.- Միջակ տաքութեամբ փուռին մէջ եփել մօտաւորապէս 45 վայրկեան:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Իմ Ղարաբաղ

 

Դու էլ դառած կռուածաղիկ, իմ բալիկն ես այ Ղարաբաղ
Մեղրը օտար մեղուին տուող իմ ծաղիկն ես հայ Ղարաբաղ.
Հայաստանից քեզ պոկողը, Հայաստանի եղբայրը չէ՛.
Երկուսիս մէջ դու էլ մոլոր, իմ բալիկն ես, վայ Ղարաբաղ:

Մեզ չի կարող մահն էլ զատել, մի ոգի ենք ու մի մարմին
Դու իմ Կարսի, իմ Սասունի, իմ Մասիսի թայ Ղարաբաղ
Ախ, ե՞րբ պիտի լեռներիդ պէս վե՛ր բռնցքում ձեռքերն Հայոց
Որ չդառնայ Հայոց արծիւն օտար ծովին ճայ, Ղարաբաղ…

Մենակ դու չես որ դիմանամ, եօ՛թը դրախտ ունեմ խլուած
Վանայ ծովը, Կարսն ու Վանը, Սիփան սարը, Անին փլուած…
Ղարաբաղը մօրս կանչն է, ինձ է կանչում յոյսով տրտում,
Ղարաբաղը իմ կակաչն է, կարմիր, բայց սեւ ունի սրտում:

Յ. ՇԻՐԱԶ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )