Գաղութէ-Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
Միջին Արեւելքի Քաղաքական Վիճակին, Յատկապէս
Սուրիոյ Կացութեան Նուիրուած Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութեան Քարոզչական յանձնախումբին, 7 փետրուարին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին, հոն ապրող գաղութներուն դիմաց ցցուած մարտահրաւէրներուն, յատկապէս Սուրիոյ ու սուրիահայութեան ապրած կացութեան եւ այս բոլորին մէջ տեղեկատուական դաշտի դերին վերաբերող զրոյց-հանդիպում մը, որուն բանախօսն էր այս առիթով Լիբանանէն հրաւիրուած «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան:
Մեծ թիւով ազգայիններու կողքին ներկայ էին Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, Յունահայոց թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչն ու անդամները:
Զրուցավար Միհրան Քիւրտօղլեան անդրադարձաւ սուրիական պատերազմին պատճառով հայութեան ամէնէն կարեւոր եւ աշխուժ գաղութներէն սուրիահայութեան ապրած մղձաւանջին` դիտել տալով, որ պատերազմին վտանգաւոր անդրադարձները կը հասնին եւ անձկութեան կը մատնեն նոյնպէս կարեւոր այլ գաղութ մը` լիբանանահայութիւնը:
Ապա ան ըսաւ. «Երբ պատերազմ կայ, կը նշանակէ թէ անխուսափելիօրէն կայ նաեւ լրատուական-տեղեկատուական պատերազմ: Պատերազմող իւրաքանչիւր կողմ, ըստ իր շահերուն, լուրեր, տեղեկութիւններ եւ պատկերներ կը սփռէ-կը տարածէ աշխարհով մէկ: Ահա թէ ինչու այսօրուան նիւթին առնչուած է նաեւ դերակատարութիւնը հայկական լրատուամիջոցներուն, որոնք ցոյց պէտք է տան զգուշաւորութիւն, որպէսզի ընթերցողները ակամայ չձգեն մէկ կամ միւս կողմի լարած տեղեկատուական թակարդին մէջ: Ահա նաեւ թէ ինչու «Ազատ Օր»-ի գործակցութիւնը Քարոզչական յանձնախումբին հետ երեկոյի կազմակերպման մէջ»:
Իր խօսքէն ետք Մ. Քիւրտօղլեան ներկայացուց օրուան բանախօսը:
Շ. Գանտահարեան յատուկ կերպով ծանրացաւ Միջին Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին մէջ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ դերակատարութեան վրայ:
Ըստ բանախօսին, խնդիրը հետզհետէ սրեցաւ, երբ Դամասկոս մէկ կողմէ յենած Մոսկուային, միւս կողմէ դարձաւ ռազմավարական կամուրջ Թեհրանի եւ Լիբանանի մէջ գործող շրջանային ուժի վերածուած Հըզպալլա կազմակերպութեան միջեւ: Ահա ռազմավարական այս կամուրջի քանդումն էր, ըստ պաշտօնական Թեհրանին, որ տեղի կ՛ունենար մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան հաստատման արեւմտեան կարգախօսներուն տակ: Թեհրանի ակտիւացումը այս խնդիրներուն ուղղութեամբ մենք պիտի շարունակենք նկատել ամէն անգամ որ Թել Աւիւը իր զինուորական դէմքով յայտնուի այս հարցին մէջ:
Սուրիոյ հարցին մէջ Ռուսիոյ դերակատարութեան մասին խօսելով` բանախօսը դիտել տուաւ, որ ռուսական ուժի ցուցադրութիւնները կը յուշեն, որ Մոսկուան դիւրին հրաժարողը չէ տարածաշրջանի իր ազդեցութեան գօտիէն: «Եթէ առ երեւոյթ Սուրիոյ իշխանութեան տապալման առաջադրանքով կը միանան Անգարայի եւ Ուաշինկթընի շահերը, ապա քրտական գործօնի ուղղութեամբ առնուազն տարբեր են երկու պետութիւններու մօտեցումները, չըսելու համար որ ուղղակի կը հակադրուին իրարու: Քրտական վախը կարեւորագոյն շարժառիթներէն կարելի է համարել Սուրիոյ հարցին մէջ Անգարային այս տարողութեամբ թափանցուածութիւնը հիմնաւորելու համար», նշեց ան:
Հայ տեղեկատուութեան դիմաց առկայ խնդիրներուն անդրադառնալով` Շ. Գանտահարեան դիտել տուաւ, որ տեղեկատուական պատերազմը ընդհանրապէս շատ վտանգաւոր եւ բարոյալքիչ կրնայ ըլլալ, եթէ զայն հաւասարակշռող ազդակներ գոյութիւն չունենան: Արդարեւ, տեղեկատուական պատերազմը տեսականօրէն կ՛աշխատի տուեալ կողմի կառքին լծել տարբեր հատուածներ եւ հաւաքականութիւններ: Բազմաթիւ անգամներ հայութիւնը խուճապի մատնելու միտումով լրատուութիւններ դրուեցան շրջանառութեան մէջ: Բանախօսը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի տեղեկատուական մեքենաներուն, որոնք աշխուժ կերպով կը բանին սուրիահայութեան վերաբերող հարցերուն գծով: Ըստ անոր, Հայկական հարցերուն վերաբերող աշխուժութիւն մը երեւցաւ սուրիահայ գաղթականներ Թուրքիոյ մէջ ընդունելու պետական պատրաստակամութիւնը լուսաբանելու պահուն: Զուգահեռ` Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բանալու` սուրիահայ գաղթականներ Թուրքիոյ վրայով Հայաստան անցընելու համար:
Միւս կողմէ, Պաքու բողոք բարձրացուց` ի տես սուրիահայ ընտանիքներու Արցախի մէջ վերաբնակեցման երեւոյթին:
Իր խօսքը եզրափակելով, Շահան Գանտահարեան հաստատեց. «Միջին Արեւելքի մեր գաղութները ռազմավարական նշանակութիւն ունին համասփիւռքեան առումով, յատկապէս մեր կազմակերպ կեանքին մարդուժ տրամադրելու տեսակէտէն: Անոնց ապագան, հեռանկարը, լեզուական, մշակութային, քաղաքական եւ հոգեւոր խնդիրները պէտք է քննարկել համասփիւռքեան ձեւաչափերով: Միջին Արեւելքի երկիրներու նկատմամբ հայրենիք-սփիւռք համատեղ քննարկումներու մակարդակով անյետաձգելի է նախ յատուկ հայեցակարգի մշակումը եւ ապա այդ հիմնադրոյթներուն վրայ ծաւալող աշխատանքներու կազմակերպումը»:
Աւարտին բանախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:
Թեհրան
Հայաստանի Բանակի Օրուան
Հանդիսութիւն
Նախաձեռնութեամբ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան, հայոց բանակի կազմաւորման 21-ամեակին առիթով 28 յունուարին «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէկեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Բանակի օրը:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Առաքելեան: Դեսպանութեան զինուորական կցորդը, ի նշան Իրան-Հայաստան սերտ բարեկամութեան, իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց պարսկերէնով: Ան անդրադարձաւ անկախ Հայաստանի կարեւոր ձեռքբերման` բանակի կազմաւորմանը: Ապա Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան նախկին զինուորական կցորդը եւս հայերէնով շնորհաւորեց Հայաստանի Բանակի օրը:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Հայաստանի բանակի ռազմափորձերը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Յիշատակի Երեկոյ` Նուիրուած
Վաստակաւոր Գրող–Հրապարակախօս
Ժորժ Մարտիրոսեանի
Փետրուար 1-ին ԻԳՄ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյ` նուիրուած ազգային գործիչ, վաստակաւոր ուսուցիչ, գրող-հրապարակախօս եւ Իրանահայ գրողներու միութեան երբեմնի նախագահ Ժորժ Մարտիրոսեանի:
Յիշատակը յարգող 1 վայրկեան լռութենէ ետք, ԻԳՄ-ի նախագահ Թորգոմ Տէր Յակոբեան շեշտեց կարեւորութիւնը կեանքէն առյաւէտ հեռացած գրչակից ընկերներու թողած աւանդին յիշատակութեան:
Օրուան բանախօսն էր բանաստեղծ Վարանդը:
Կիպրոս
Սուրիահայերու Նուիրուած Համերգ
Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի եւ պետական ներկայացուցիչի գրասենեակին, 27 յունուարին Նիկոսիոյ «Նարեկ» վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կիպրահայ արուեստագէտներու համերգը` «Մենք կ՛երգենք ձեզի համար» խորագրով, ի նպաստ սուրիահայութեան:
Օրուան հանդիսավարն էր Ռոզին Մոմճեան:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Անահիտ Էսկիճեան:
Յայտագրի ընթացքին ներկայացուեցան հայ երգարուեստի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն նմուշներ, ինչպէս` Կոմիտաս, Սպենդիարեան, Բաբաջանեան եւ Ամիրխանեան:
Դասական բաժինի կտորները մեկնաբանուեցան Հիլտա Բարոյեանի եւ Ալեքս Մոսկոֆեանի կողմէ` դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիլիան Խաչատուրեանի եւ Նառա Սարդարեանի, իսկ մնացեալ երգերը մեկնաբանուեցան Մարի Լուիզ Գույումճեանի, Յովիկ Տեմիրճեանի, Գոռ Մելեանի կողմէ` Ալիսիա Ոսկանեանի եւ Հայկ Մահտեսեանի քանոնի եւ ելեկտրական դաշնակի ընկերակցութեամբ:
Աւարտին խօսք առաւ Վարուժան արք. Հերկելեան, որ շնորհաւորեց եւ քաջալերեց կիպրահայ արուեստագէտները` անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: Սրբազանը հաստատեց, թէ սոյն երեկոն կրնայ կոչուիլ Կիպրահայութեան օր, քանի կիպրահայութիւնը իր ուժերով նման բարձրորակ եւ իրաւ հայկական երեկոյ մը կազմակերպած էր:
Վրաստան
Թիֆլիսի Մէջ Նշուեցաւ Հայոց Բանակին
21-ամեակը
Թիֆլիսի մէջ 6 փետրուարին նշուեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու կազմաւորման 21-ամեակը:
Բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի ռազմական կցորդ, փոխգնդապետ Գարեգին Մուրատեան: Ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց բանակի կազմաւորման եւ կայացման հերոսական պատմութիւնն ու անցած ուղին:
Պաշտօնական ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան, Հայաստանի զինուած ուժերու սպայակոյտի պետի առաջին տեղակալ զօր. Էնրիկօ Ապրիամով, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան, հոգեւոր դասը, Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Վրաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտար ռազմական կցորդներ, Թիֆլիսի մէջ գործող հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան:
Պուլկարիա
Սուրբ Վարդանանց Տօնի Նշում
Փետրուար 7-ին Վառնայի մէջ նշուեցաւ Ս. Վարդանանց տօնը: Աւանդութեան համաձայն, այդ օրը Վառնայի ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, որպէս Վարդան Մամիկոնեանի գաղափարներու եւ ոգիի կրողներ եւ այդ սրբազան արժէքները պահպանողներ, կը նշեն իրենց ուխտի նորոգման տօնը:
Վառնայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Իր քարոզին մէջ Բարթողիմէոս քհնյ. Յակոբեան խօսեցաւ Վարդան Մամիկոնեանի կատարած անմահ գործին` յանուն հաւատքի պահպանման ու յանուն հայրենիքի ազատութեան իր կեանքը նուիրելու մասին եւ շեշտեց, որ Աստուած միշտ մեր մէջ վառ պահէ Սուրբ Վարդան Մամիկոնեանի ոգին, որպէսզի մենք ալ պայքարինք ամէն տեսակ օտարամոլութեան դէմ ու մայր հայրենիքէն հեռու` կարենանք պահել մեր կրօնն ու մշակոյթը:
ՀՄԸՄ-ի սկաուտները Հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի Վարդուհի Խաչիկեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպեցին ձեռնարկ` նուիրուած Վարդանանց տօնին:
«Հայերը Պուլկարիոյ Մէջ»
Տեսերիզը
«Շողակաթ» կայանին պատրաստած «ՀԱՅԵՐԸ ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՄԷՋ» ժապաւէնը կը պատմէ Պուլկարիոյ հայ համայնքին, հայոց թեմին եւ եկեղեցիներուն մասին:
Պալքանեան թերակղզիի արեւելեան մասին մէջ տեղակայուած այս պետութիւնը միշտ բարի հանգրուան եղած է աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին համար: Պատմական վկայութիւններ կան, որ հայերը հոն հաստատուած են 5-րդ դարէն սկսեալ, սակայն աւելի մեծ հոսքը դէպի Պուլկարիա տեղի ունեցած է 19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին: Այսօր Պուլկարիոյ մէջ 12 գործող հայկական եկեղեցիներ կան: 2 հատ եւս կը կառուցուի: Ժապաւէնը կ՛ընդգրկէ գրեթէ բոլոր եկեղեցիներն ու քաղաքային համայնքները: Նուիրուած է Պուլկարիոյ հայոց թեմի հռչակման 145-ամեակին: Նկարահանումները իրականացուած են Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Աբգար վրդ. Յովակիմեանի նախաձեռնութեամբ:
«ՀԱՅԵՐԸ ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՄԷՋ» ժապաւէնին հեղինակն է Կարինէ Յարութիւնեան, երաժշտութիւնը` Արթուր Մանուչարեան, իսկ բեմադրիչը` Վահրամ Գալստեան:
Ժապաւէնին տեսերիզը կարելի է ձեռք բերել Պուլկարիոյ հայկական եկեղեցիներէն:
Միացեալ Նահանգներ
Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ
112-ամեակ
Յունուար 20-ին Ս. պատարագով ու հանդիսաւոր ճաշկերոյթով նշուեցաւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաքելական մայր եկեղեցւոյ 112-րդ տարեդարձը:
Ս. պատարագը մատուցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Առաջաւորաց պահքին, որ հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, երբ ան Խոր Վիրապէն դուրս ելաւ: Անդրադառնալով եկեղեցւոյ 112-րդ տարեդարձին` սրբազան հայրը շնորհաւորեց բոլոր նուիրեալները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց զոհողութեան համար:
Յաւարտ Ս. պատարագի, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեդարձի ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին կարգ մը նուիրեալներ գնահատանքի եւ յուշանուէրներու արժանացան իրենց երկարատեւ ծառայութեան համար:
Ճաշկերոյթին ընթացքին տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ եկեղեցւոյ յարկին տակ անցեալ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած զանազան ձեռնարկներու եւ հաւաքոյթներու մասին: Հոգաբարձութեան ատենապետ Վարուժան Տէր Սիմոնեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց անցնող տարուան գործունէութիւնը:
Առաջնորդ սրբազանը իր սրտի խօսքին մէջ շեշտեց ծառայութեան կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ: Ան գնահատեց բոլորին նուիրումն ու ծառայութիւնը Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւ նկատել տուաւ, որ ծառայող նուիրեալները պէտք է ուրախ եւ հպարտ զգան, որովհետեւ անոնք կը շարունակեն մեր հոգեւոր հայրերուն սուրբ գործը: Սրբազանը իր խօսքը աւարտեց` հրաւիրելով բոլորը իրենց ուխտը վերահաստատելու եւ զօրացնելու, գնահատելով երիտասարդները, որոնք պէտք է իրենց ծառայութիւնը տեւաբար բերեն Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ կեանքին:
Յայտնենք, որ առաջնորդը հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ հովիւին, հոգաբարձութեան եւ երեսփոխաններու հետ` քննարկելով ապագայի ծրագիրներ:
Քրեսենթա Հովիտի Հայ Կեդրոնը`
«Տարուան Կազմակերպութիւնը»
Յունուար 24-ին Մանթրոզ-Վերթուքօ քաղաքի Առեւտրական պալատի նորընտիր վարչութեան երդմնակալութեան եւ գնահատանքի մրցանակաբաշխութեան տարեկան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Օքմոնթ քաունթրի քլապ»-ի սրահին մէջ:
Առեւտրական պալատի շրջանաւարտ նախագահ Սքաթ Թրուլիք ողջոյնի խօսքէն ետք, Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի անդամ Լաուրա Ֆրիտմանի կատարեց նոր վարչութեան պաշտօնական երդմնակալութեան արարողութիւնը, որմէ ետք վարչութեան նոր նախագահ Փաթ Լանքոն ստանձնելով իր պաշտօնը, շարունակեց յայտագրի գործադրութիւնը:
Հարկ է նշել, որ 14 անդամներէ բաղկացած նոր վարչութեան մաս կը կազմեն երեք հայեր` Սեպուհ Չաթոյեան, Մարիաննա Պայրամեան եւ Նայիրի Նահապետեան:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ շուրջ 12 տարբեր մարզերու ներկայացումը եւ մրցանակաբաշխութիւնը, որոնց շնորհուեցան պատուոյ տախտակներ ու գնահատագրեր:
Քրեսենթա Հովիտի «Հայ կեդրոն»-ի ամփոփ գործունէութիւնը ներկայացուց Սեպուհ Չաթոյեան: Ան նշեց, թէ կեդրոնը յոյժ գնահատելի աշխատանք կը տանի իր շրջանի հայ եւ օտար համայնքներուն մէջ, աւելցնելով, որ կեդրոնին կրթական, մշակութային, ներհամայնքային, յարաբերական, մարզական, բարեսիրական ու տեղեկատուական գործունէութիւնը արժէքաւոր ներդրում է շրջանի համայնքներուն մէջ եւ արժանի է մեծ գնահատանքի:
Այնուհետեւ, «Հայ կեդրոն»-ի վարչութեան ատենապետ Մայք Քէլէշեանի յանձնուեցաւ պատուոյ տախտակը, ինչպէս նաեւ` Էտըմ Շիֆի, Քարոլայն Լիուի եւ Կլենտէյլի քաղաքապետին կողմէ առաքուած պատուոյ գիրերը: Մ. Քէլէշեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Առեւտրական պալատի պատասխանատուներուն` «Հայ կեդրոն»-ի գործունէութիւնը գնահատելու համար, աւելցնելով, որ սոյն գնահատանքը աւելի պիտի քաջալերէ կեդրոնին պատասխանատուները, գործող կառոյցները եւ անդամները` աւելի մեծ ոգեւորութեամբ եւ ճիգերով շարունակելու իրենց համայնքանուէր ու ազգանուէր գործունէութիւնը:
«Խաչատուրեան» Երգչախումբի 35-րդ, Իսկ
Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանի Եկեղեցական Ծառայութեանց
50-րդ Տարեդարձներու Առթիւ Զոյգ Հանդիսութիւններ
Յունուար 27-ին տեղի ունեցաւ «Խաչատուրեան» դպրաց դաս երգչախումբին 35-րդ եւ երգչախումբի վարիչ եւ դպրապետ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի եկեղեցական ծառայութեան 50-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը:
Այս առիթով Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Յովնան արք. Տէրտէրեան կարդաց Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի օրհնութեան գիրը, որուն մէջ հայրապետը իր բարեմաղթանքները կը յայտնէր յոբելեարին` անոր եկեղեցանուէր երկարամեայ գործունէութեան համար, իբրեւ նուիրեալ ու հաւատարիմ զաւակը սուրբ եկեղեցւոյ: Ապա առաջնորդը իր սրտագին շնորհաւորութիւններն ու գնահատանքի խօսքերը փոխանցեց յոբելեարին:
Պատարագի աւարտին «Գալայճեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:
Օրուան հանդիսավարն էր երգչախումբի տնօրէն, խորհրդոյ ատենապետ Յակոբ սրկ. Ծերունեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Միրիճան Կիւրեղեան ներկայացուց յանձնախումբին անդամները եւ իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց անոնց:
Այնուհետեւ հոգաբարձութեան փոխատենապետ Րաֆֆի Մարուքեան յոբելեարը պատուեց յուշանուէրով մը: Ապա շնորհաւորական խօսքեր արտասանեցին ներկաներէն ոմանք, որմէ ետք շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ յոբելեարը:
Աւարտին, ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց սրբազանը, որ շնորհաւորեց Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի 50-ամեայ ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ` երգչախումբը, որ հայ երգը կը հնչեցնէ: Ապա յոբելեարին յանձնեց «Հայոց խորանը» արծաթեայ յուշանուէրը:
«Թրիփըլ Էքս» Նեցուկ Կը Կանգնի Հայաստանի
Երեխաներու Հոգեբանական Օգնութեան
2007-էն ի վեր «Թրիփըլ էքս» եղբայրութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը նեցուկ կը կանգնի Հայաստանի մէջ երեխաներու հոգեբանական ծառայութիւններ տրամադրելու նախաձեռնութեանց, Հայաստանի երեխաներու հոգեբաններու եւ հոգեբուժներու միութեան օժանդակելու ճամբով:
1998-ին հաստատուած Հայաստանի երեխաներու հոգեբաններու եւ հոգեբուժներու միութիւնը ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մըն է, որուն նպատակն է մանուկներու եւ պատանիներու մօտ հոգեբանական հարցերու կանուխ ախտաճանաչում կատարել` սերտ յարաբերութիւններ ստեղծելով հոգեբաններու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու միջեւ: Նման ախտաճանաչումներ եւ երեխաներու վիճակը բարելաւելու նպատակով կատարուող միջամտութիւններ զգալիօրէն կը բարելաւեն երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն ապրելակերպը:
Այս աշխատանքներուն աւելի մօտէն ծանօթանալու նպատակով «Թրիփըլ էքս» եղբայրութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի անդամ Ճան Սարոյեան անցեալ տարի այցելեց Հայաստան: Ան յայտնեց, թէ հոգեբանութեան ու հոգեբուժութեան մարզերուն մէջ որոշ յառաջդիմութիւն ակներեւ է Հայաստանի մէջ, սակայն հոգեկան հիւանդութիւններու նկատմամբ ընկերութեան մօտ վերապահութիւններ կան, որոնք կը դժուարացնեն անոնց բուժումը: Ան հաստատեց, թէ Հայաստանի երեխաներու հոգեբաններու եւ հոգեբուժներու միութիւնը կարեւոր աշխատանք կը տանի հոգեբանական հիւանդութեանց նկատմամբ գոյացած անցարգելները վերցնելու համար, աւելցնելով, որ նման կազմակերպութեան մը նեցուկ կանգնիլը յոյժ կարեւոր է: