Օպամա Քոնկրեսին Առջեւ Արտասանեց Տարեկան Աւանդութիւն Եղող «Երկրի Վիճակը» Ճառը

Պարաք Օպամա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Քոնկրեսին առջեւ արտասանեց տարեկան աւանդութիւն եղող «Երկրի վիճակը» ճառը:

Նախագահ վերընտրուելէ ետք Քոնկրեսին առջեւ ունեցած իր առաջին ելոյթին առանցքային նիւթերն էին տնտեսութեան աճի եւ աշխատատեղիներու ստեղծման հարցերը: Խօսելով ընկերային ծրագիրներու ֆինանսաւորման անհրաժեշտութեան մասին` Օպամա պահանջեց, որ Քոնկրեսը հաստատէ նախապէս առաջարկուած զէնքի շրջանառութեան վերահսկման խիստ միջոցառումներու թղթածրարը:

Խօսելով արտաքին քաղաքականութեան մասին` Օպամա յայտարարեց, որ ամերիկեան ուժերը մինչեւ 2014 դուրս պիտի բերուին Աֆղանիստանէն` նշելով, որ այս տարի Աֆղանիստան գտնուող 65 հազար ամերիկացի զինուորներէն 34 հազարը պիտի հեռանան Աֆղանիստանէն: Ան նաեւ յայտնեց, որ Աֆղանիստանի պատերազմը պիտի աւարտի եւ հիւլէական զինանոցի կրճատման վերաբերեալ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն պայքարիլ Հիւլէական զէնքի տարածման դէմ: Այս առումով ան անդրադարձաւ Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական վերջին փորձին` խոստանալով, որ Ուաշինկթըն ատոր շատ կարծր պատասխան պիտի տայ: Ան յայտարարեց, որ «Քայիտայի գոյութեան վերջ պիտի տանք»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ, որ «պիտի աջակցինք ապահովութեան հաստատման եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու Լիպիոյ, Սոմալիի եւ Եմէնի ջանքերուն»: «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար մեր օգտագործելիք միջոցները յաչս ամերիկացիներուն եւ աշխարհին աւելի թափանցիկ եւ օրինական պիտի ըլլան», ըսաւ ան:

Խօսելով Սուրիոյ տագնապին մասին` Օպամա յայտարարեց, որ «ճնշում պիտի բանեցնենք Սուրիոյ վարչակարգին վրայ, որ հազարաւոր քաղաքացիներ սպաննեց, եւ սուրիական ընդդիմութեան ղեկավարութեան անհրաժեշտ աջակցութիւնը պիտի տրամադրենք»: Ինչ կը վերաբերի Եգիպտոսի տագնապին ան ըսաւ, որ «պիտի աջակցինք քաղաքացիներուն, որոնք ժողովրդավարութիւնը պաշտպանել կը պահանջեն: Չենք կրնար Եգիպտոսի նման երկրի մը ընթացքը ճշդել յաւակնիլ»: Ան նաեւ նշեց, որ «Եւրոպական Միութեան հետ պիտի սկսինք համապարփակ եւ արդար ներդրումներ կատարել»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )