«Երկխօսութեան Կոչ Ուղղող Սուրիական Ընդդիմադիր Որեւէ Ուժ Ինքզինք Ճիշդ Ճամբու Վրայ Դրած Կ՛ըլլայ» Ըսաւ Ալի Հայտար

Ալի Հայտար

Սուրիոյ ազգային երկխօսութեան հարցերով պետական նախարար Ալի Հայտար յայտնեց, որ «սուրիական ներքին կամ արտաքին որեւէ ուժ, որ տագնապի լուծման համար երկխօսութեան կոչ կ՛ուղղէ, ինքզինք ճիշդ ճամբու վրայ դրած կ՛ըլլայ»:

Հայտար սուրիական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ազգային երկխօսութեան ծրագիրին տէրը սուրիական կառավարութիւնն է»` նշելով, որ սուրիական կառավարութեան կամ քաղաքական ծրագիրի նախապատրաստական հանգրուանի գործադրութեան պարտականութիւնը ունեցող նախարարական աշխատանքային խմբակի սեղանին վրայ որեւէ նախաձեռնութիւն չէ դրուած, այլ գոյութիւն ունին լրատուամիջոցներու միջոցով արտայայտուած շարք մը գաղափարներ:

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քաթար որոշած է Տոհայի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան շէնքը փոխանցել ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինին: Քաթարի մէջ դեսպան պիտի նշանակուի մարմինի ներկայացուցիչ Նիզար Հարաքին:

«Շէնքին վրայ պիտի բարձրացուի յեղափոխութեան դրօշը, երբ Հարաքին եւ յաւելեալ երկու նոր աշխատակիցներ դիւանագիտական կարգավիճակ ստանան», ըսուած է Ազգային համաձայնական մարմինի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինին կարծիքով, Քաթարի այդ քայլը դրական նախադէպ պիտի դառնայ: «Քաթարը պիտի դառնայ առաջին պետութիւնը, որ Ազգային համաձայնական մարմինի իրաւական կարգավիճակը կը ճանչնայ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ընդդիմադիր դիւանագէտները մտադիր են յառաջիկայ օրերուն սկսիլ զբաղիլ սուրիական սփիւռքի հարցերով: Նախ եւ առաջ` անձնագիրներ տրամադրելով այն սուրիացիներուն, որոնք հայրենիք վերադառնալու կարելիութիւն չունին:

Նշենք, որ ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ երեքշաբթի օր հաղորդած էր, որ Սուրիոյ նախկին վարչապետ Ռիատ Ֆարիտ Հիժապ յայտարարած է, որ Սուրիոյ ընդդիմութիւնը կ՛ուզէ Արաբական լիկայի եւ այլ միջազգային կառոյցներուն մէջ Սուրիոյ պատկանող աթոռը ստանալ: Սակայն լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ահմետ պըն Հըլլի երէկ յայտարարեց, որ Արաբական լիկայի մէջ Սուրիոյ աթոռին սուրիական ընդդիմութեան նստիլը «ներկայիս բացառուած է»:

Ան նաեւ նշեց, որ լիկան պիտի չմասնակցի այսօր Գահիրէի մէջ սուրիական ընդդիմութեան գումարելիք ժողովին: Նշենք, որ սուրիական ընդդիմութիւնը այսօր Գահիրէի մէջ ժողով մը կը գումարէ` քննարկելու համար սուրիական վարչակարգին հետ երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը:

Այս ծիրին մէջ «Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարած է, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ եւ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպ այս ամսուան վերջաւորութեան Ռուսիա պիտի այցելեն: Մինչ այդ, Դամասկոսի մէջ Իրանի դեսպանը երէկ յայտարարեց, որ Թեհրան պատրաստ է Սուրիոյ ազգային հաշտութեան հարցերով նախարար Ալի Հայտարի եւ Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Մաազ Խաթիպի հանդիպումը հիւրընկալելու:

«Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը երէկ հաղորդեց, որ Իսրայէլ Կոլանի մէջ սուրիական հողամասերուն դէմ զգուշացման կրակոց արձակած է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )