Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին հրաժարականը սրտերուն մէջ դրական ցնցում մը կը ստեղծէ եւ օրինակելի տիպարի տպաւորութիւն կը ձգէ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ կոչ ուղղեց Արսալի մէջ ոճիրը գործող կողմերը ձերբակալելու, առանց քաղաքական միջնորդութեան եւ նեղլիկ հաշիւներու:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ 2013-ի պետական պիւտճէի նախագիծը 10 օրէն պատրաստ կ՛ըլլայ:
ԱՐՍԱԼԻ բնակիչները կը մերժեն Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի կատարելիք այցելութիւնը:
Նկատի ունենալով մերժումի այս կեցուածքը` Ասիր ջնջեց Արսալ իր այցելութիւնը: Նշենք, որ իբրեւ բողոք շէյխ Ահմետ Ասիրի Արսալ կատարելիք այցելութեան դէմ, ըմբոստ երիտասարդներ փակեցին Լապուէի ճամբան, որ աւելի ուշ կարելի եղաւ բանալ բանակին կողմէ:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «ՍԱՆԱ» պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ծայրայեղութեան պատճառով Արսալ վերածուած է սուրիական պետութեան դէմ կռուող միլիսներու, ինչպէս նաեւ այսպէս կոչուած Սուրիական ազատ բանակի գումակային խարիսխի մը:
ԼԻԲԱՆԱՆ-Սուրիա Ապպուտիէի սահմանակէտին վրայ բողոքի ցոյց մը կատարուեցաւ` արգիլելու համար դէպի Սուրիա մազութի սիթեռններուն ուղղուիլը:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը մօտիկ ապագային պիտի փակուի:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ինք կ՛որոշէ, թէ ո՛ւր պիտի այցելէ եւ ոչ ոք կրնայ անոր որեւէ բան պարտադրել:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, պենզինին թիթեղը սղած է 600 լ. ոսկիով, իսկ կարմիր մազութինը` 300 լ. ոսկիով:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, շրջանառութեան մէջ դրուած է մահուան սպառնալիքներու ենթակայ քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ զինուորականներու անուանացանկ մը, որ կ՛ընդգրկէ 11 անուններ:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել սուրիական քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ երկխօսութեամբ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը կարելի չէ վերակենդանացնել եւ անոր հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրենց ներկայացուցած խառն օրինագիծը լիբանանեան ազգային շահերուն նկատմամբ զոհողութիւն կը նկատուի:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա անդրադարձաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու տեղեկութիւններուն, որոնց առնչութեամբ շեշտեց, թէ անոնց յանձնումը կ՛արգիլէ լիբանանցիներուն ազատութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ իրենց ներկայացուցած առաջարկին ընդմէջէն ոչ ոք կրնայ կանխաւ գուշակել երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ ընտրական միացեալ օրէնքի մը շուրջ համախոհութեան գոյացումը անկարելի դարձած է: