Ֆրենժիէ. «Ոմանք Կը Փորձեն Լիբանանը Իրենց Հակակշիռին Տակ Առնել. Պէտք Է Զգուշանալ»
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ զգուշացուց, որ ոմանք կը փորձեն Լիբանանը առնել իրենց հակակշիռին տակ` աւելցնելով, որ պէտք է զգուշանալ այդ փորձերէն: Ան նշեց, որ ծայրայեղութիւնը սկսած է հարուածել ամբողջ Լիբանանը եւ ոչ միայն Թրիփոլին:
Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ Լիբանանը իր գոյութիւնը կը պահէ, երբ անոր բոլոր զաւակները կը շարունակեն ապրիլ իր մէջ համերաշխութեամբ եւ ազգային միասնականութեամբ:
Ան հաստատեց, որ ինք իր ծնողքէն ու մեծ հօրմէն այդ սկզբունքները ժառանգած է եւ զանոնք պիտի կտակէ իր զաւակներուն:
Ֆրենժիէ հաստատեց, որ իրենց խիղճը հանգիստ է եւ ապագան իրենց առջեւն է:
CATEGORIES Լիբանանեան

