Սինիորա Կը Հաստատէ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Թուականին Կայացնելու Կարեւորութիւնը

Ֆուատ Սինիորա

Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին արտասանեց խօսք մը` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան տարելիցին առիթով:

Սինիորա շեշտեց, որ Հարիրիի արիւնը թափած է Լիբանանի ազգային միասնականութեան ի խնդիր եւ ոչ թէ Լիբանանի երկփեղկումին համար:

Սինիորա նշեց, որ Հարիրիի սպանութեան յաջորդող տարիները եղած են դժուար տարիներ, սակայն անոնք եղած են կարեւոր տարիներ` պահպանելու համար Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն դաշինքը, ինչպէս նաեւ տարբեր հանգրուաններու ընթացքին երեսփոխանական ընտրութիւններուն արձանագրուած յաղթանակները:

Միւս կողմէ, Սինիորա ընդգծեց, որ պէտք է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն Հըզպալլայի զէնքին ենթարկուիլ:

Սինիորա հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը եւ կառչած կը մնան Թաէֆի համաձայնագիրին ու սահմանադրութեան հիման վրայ մշակուած ընտրական օրէնքի մը, որ բոլորին համախոհութիւնը կը վայելէ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )