Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Նահատակ Պաշաալանիի Ընտանիքը
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Արսալի մէջ նահատակուած բանակի հազարապետ Փիեռ Պաշաալանիի ընտանիքը:
Հանդիպումին ընթացքին զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակին անդամները սպաննող ոճրագործներուն նկատմամբ ոչ մէկ սակարկութիւն պիտի կատարուի: Ան հաստատեց, որ ոչ մէկ գաղտնի համաձայնութիւն գոյացած է նահատակներուն թափած արեան գծով` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակին դէմ յարձակում գործող իւրաքանչիւր անհատ ահաբեկիչ է, եւ իբրեւ այդպիսին ան պիտի հետապնդուի եւ դատական իշխանութիւններուն յանձնուի, ուր եւ երբ որ կարելի ըլլայ:
CATEGORIES Լիբանանեան