Պըրրի. «Կ՛աշխատիմ Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբին Աշխատանքը Յառաջ Մղել»

Չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխաններու հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի ընդգծեց, որ ինք աշխատած է եւ կ՛աշխատի ընտրական օրինագիծի յատուկ խորհրդարանական ենթայանձնախումբին աշխատանքը յառաջ մղել:

Ան հաստատեց, որ ինք դրական մօտեցում ունի ենթայանձնախումբին նկատմամբ եւ կը մաղթէ, որ ընտրական օրէնքին շուրջ համախոհութիւն գոյանայ:

Նշենք, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը յառաջիկայ երկուշաբթի օր պիտի գումարեն նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի խորհրդարանական ենթայանձնախումբին տեղեկագիրը, եւ եթէ օրինագիծի մը շուրջ կարելի չէ եղած համախոհութիւն գոյացնել, ապա առաջնահերթութիւնը պիտի տրուի Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին, որ արժանացած էր ենթայանձնախումբին անդամներու մեծամասնութեան հաւանութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )