Ղանեմ. «Տակաւին Ունինք Երկօրեայ Խորհրդակցութիւններ, Որոնց Ընթացքին Պէտք Է Խզենք Լիբանանցիները Բաժնող Պատը»
Ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ շարունակեց իր աշխատանքը` գումարելով նիստ մը, որուն նախագահեց երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ:
Նիստէն ետք Ղանեմ յայտնեց, որ ենթայանձնախումբը սերտած է բոլոր առաջարկները, որոնք ներկայացուած են Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի կողմէ` աւելցնելով, որ այդ առաջարկները հիմնուած են համամասնական եւ մեծամասնական դրութեանց վրայ:
Ղանեմ հաստատեց, որ իրենք աշխատանքը պիտի շարունակեն, մինչեւ որ կարելի ըլլայ յանգիլ համախոհութեան:
«Ենթայանձնախումբին մաս կազմող իւրաքանչիւր երեսփոխան յանձնառու է Լիբանանին եւ իր շահերը նկատի կ՛ունենայ իբրեւ երկրին շահերուն մէկ մասնիկը», ըսաւ Ղանեմ` աւելցնելով, որ եթէ կարելի ըլլայ Լիբանանի շահերը ապահովել, ապա բոլորին շահերուն ապահովումը կարելի կը դառնայ:
Ղանեմ յայտնեց, որ ենթայանձնախումբը տակաւին ունի երկու օրուան քննարկումներու առիթ մը, որուն ընթացքին անհրաժեշտ է խզել լիբանանցիները երկփեղկող պատը:
Ան հերքեց այն յայտարարութիւնները, թէ ամէն օր առաջարկ մը կամ նախաձեռնութիւն մը կը ներկայացուի` աւելցնելով, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որ շեշտած է, թէ ինք ոչ մէկ օրինագիծի մասին յստակ կեցուածք յայտնած է որեւէ օրաթերթի:
Նշենք, որ Ժեմայէլի ներկայացուցած օրինագիծի տարբերակին համաձայն, Լիբանանը կը բաժնուի 9 նահանգներու` համամասնական դրութեամբ եւ 36 գաւառներու` մեծամասնական դրութեամբ:
Ժեմայէլ խնդրեց նաեւ խորհրդարանի անդամներուն թիւը բարձրացնել 134-ի: