Կառավարութիւնը Յառաջիկայ Երեքշաբթի Օր Պիտի Գումարէ Արտակարգ Նիստ Մը
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող հարցերը:
Կառավարութեան նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտած է, թէ լիբանանեան բանակը Արսալի մէջ իր աշխատանքը կը շարունակէ` աւելցնելով, որ այդ քայլերը պիտի չհանդարտին, մինչեւ որ բոլոր յանցագործները ձերբակալուին եւ դատավարութեան ենթարկուին:
«Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ բանակին դէմ գործուած ոճիրին անդրադառնալու համար պէտք է ըսել Արսալի մէջ պատահած դէպքը եւ ոչ թէ Արսալի դէպքը, որովհետեւ Արսալ գիւղաքաղաքը եւ բանակը նոյնն են», ըսաւ Տաուք:
Ան աւելցուց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին ակնարկութիւն կատարուած է նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Սուրիա կատարած այցելութեան, որուն առումով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտած է այդ այցելութեան կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը:
Տաուք շեշտեց, որ կառավարութիւնը կազմած է յանձնախումբ մը` գլխաւորութեամբ արդարութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնին, որ պիտի զբաղի Ֆրանսայի մէջ բանտարկուած լիբանանցի արգելափակեալ Ժորժ Ապտալլայի թղթածրարով:
Նշենք, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ երեքշաբթի, 19 փետրուարի յետմիջօրէին արտակարգ նիստ մը պիտի գումարէ նախագահական պալատին մէջ` քննարկելու համար պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները: Կառավարութիւնը այլ նիստ մը պիտի գումարէ նաեւ չորեքշաբթի, 20 փետրուարին, վարչապետարանին մէջ: