Ստեփանակերտ. Հանրահաւաք` Արցախեան Շարժման 25-ամեակին Առիթով

Նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ Վերածնունդի հրապարակին վրայ մասնակցեցաւ Արցախեան ազգային-ազատագրական շարժման 25-ամեակին առիթով կազմակերպուած հանրահաւաքին:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց պատմական իրադարձութիւններուն նուիրուած այսպիսի ձեռնարկներու կայացումը` զանոնք նկատելով նշանակալի թէ՛ քաղաքական, թէ՛ բարոյահոգեբանական տեսանկիւններէն:

Հանրահաւաքին կը մասնակցէին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, երկրի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը, շարժման վեթերաններ եւ հազարաւոր քաղաքացիներ:

Share this Article
CATEGORIES