«Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նոր Նախարարը Աւելի Բաց Պիտի Ըլլայ Հայերուն Դիրքորոշումը Լսելու Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար նշանակուելէն ետք` Ճոն Քերրի սկսած է հանդէս գալ այնպէս, ինչպէս կ՛ըսէ նախագահ Պարաք Օպաման:
ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան այս առնչութեամբ յայտնեց, որ ատիկա որոշ առումով հասկնալի է:
Մանոյեան նշեց, որ կարելի չէ հաշուի չառնել այն փաստը, որ ներկայիս արտաքին գործոց նախարարը աւելի մօտ էր հայ համայնքին, քան անոր նախորդը: Ըստ անոր, Ճոն Քերրի աւելի հասանելի պիտի ըլլայ հայերուն համար եւ ասիկա իր կարգին կրնայ նշանակել, որ շնորհիւ հայկական տեսակէտին մասին իրազեկուածութեան, արտաքին գործոց նախարարը կարելիութիւն պիտի ունենայ կողմնորոշել, ճիշդ խորհուրդներ տալ երկրի նախագահին:
Մանոյեան ընդգծեց, որ կարելի չէր նոյնը ըսել Հիլըրի Քլինթընի մասին, որուն հանդիպումները կը սահմանափակուէին միայն հայ համայնքի քանի մը ներկայացուցիչներուն հետ:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Քերրի աւելի բաց պիտի ըլլայ հայ համայնքի դիրքորոշումը լսելու առնչութեամբ:
Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հարցին, Մանոյեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ բաւական հաւասարակշռուած մօտեցում կը ցուցաբերեն:
Յստակ է, որ Ազրպէյճանի դժգոհութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներէն պայմանաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին վերաբերեալ անոնց դիրքորոշման փոփոխութեամբ:
Ըստ Մանոյեանի, հակառակ անոր որ Միացեալ Նահանգներ յաճախ չի խօսիր ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի մասին` բոլոր երեք` ուժ չօգտագործելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքները միասին յիշատակելով, ատիկա արդէն բաւական հաւասարակշռուած մօտեցում է անոնց կողմէ:

