Ռուս Ծանրաբարձէն Խլուեցաւ 2004-ի Ողիմպիականին Անոր Տիրացած Պրոնզ Մետալը
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն, պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ 2004-ի Աթէնքի ամառնային ողիմպիականին պրոնզէ մետալի տիրացած ռուս ծանրաբարձ Օլեկ Փերեփիչիոնովէն խլուեցաւ այդ մետալը, որովհետեւ ի յայտ եկաւ, որ ան խթանիչ եւ արգիլեալ դեղեր գործածած է:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կ՛աւելցնէ, որ խթանիչ դեղերու գործածութեան պարագաները կը յայտնաբերուին ողիմպիական խաղերուն աւարտէն ետք, ութ տարիներու ընթացքին, որովհետեւ անոնց յայտնաբերումը այդքան ժամանակի կը կարօտի:
Պէտք է նշել սակայն, որ կը ստուգուին միայն այն մետալակիրները, որոնց մասին որեւէ կասկածելի տեղեկութիւն կը բացայայտուի:
CATEGORIES Մարզական

