«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Եունայթըտ` 1-1. Շախտիոր Տոնեցք – Պորուսիա Տորթմունտ` 2-2

Երէկ գիշեր, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցան 1-16-րդ հանգրուանի երթի երկու ճակատումներ:

Առաջինին իրարու դէմ մրցեցան Ռէալ Մատրիտ եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ, իսկ երկրորդին` Շախտիոր Տոնեցք եւ Պորուսիա Տորթմունտ:

Սպանիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ:

Իսկ երկրորդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Ուքրանիոյ մէջ, վերջ գտաւ 2-2 հաւասարութեամբ:

Նշենք, որ 1-16-րդ հանգրուանի երթի մնացեալ չորս ճակատումները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ շաբաթ, 19-20 փետրուարին` ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ (չորս մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 19 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Արսենալ – Պայէրն Միւնիխ
Փորթօ – Մալակա

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Ա. Սէ. Միլան – Պարսելոնա
Կալաթասարայ – Շալքէ

 

 

Share this Article
CATEGORIES