Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները եւ հրապարակելէ ետք այս շաբաթավերջին կատարուելիք մրցումներուն յայտագիրը, տուաւ շարք մը որոշումներ:

Ֆետերասիոնը իրեն անդամակցած բոլոր ակումբներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ բոլոր այն մարզիչները եւ մարզիկները, որոնք կը փափաքին ասիական մարզիչի դասընթացքներու հետեւիլ, Գ. կարգի վկայագիր ստանալու համար քննութիւններ կատարել, պէտք է իրենց անունները ֆետերասիոնին ներկայացնեն առաւելագոյնը մինչեւ 25 փետրուար 2013:

Այդ դասընթացքները տեղի պիտի ունենան 1-13 ապրիլ 2013-ին` Պէյրութի մէջ:

Թեկնածուները պարտին ֆետերասիոնին ներկայացնել.

  • Պաշտօնական նամակ` իրենց ակումբէն:
  • Անցագիրի գունաւոր լուսապատճէն:
  • Մարզական աշխարհին մէջ իրենց մասին ամփոփ տեղեկութիւններ (Սի. Վի.)` անգլերէնով:
  • Լուսանկար մը:
  • 200 ամերիկեան տոլար (մասնակցութեան սակ):

Հրապարակուեցաւ նաեւ ցանկը այն մարզիչներուն, որոնք Բ. կարգի վկայագիր ստացած են նախապէս` մասնակցելու համար ասիական յատուկ դասընթացքի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ ֆիզիքական լաւ պատրաստուածութիւն ձեռք ձգել: Այդ դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 18-24 մարտ 2013-ին` Պէյրութի մէջ:

Նշենք, որ հրապարակուած այդ ցանկին մէջ է Յակոբ Տեմիրճեան, որ 24 անձերուն մէջ միակ հայն է:

Ռիատա Ուալ Ատապ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ եւ Շապապ Թրիփոլիի դէմ 2-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ, որովհետեւ դաշտ ներկայացուց կախակայուած մարզիկ մը:

Նոյն պատճառով տուգանքի ենթարկուեցաւ նաեւ Ֆաժըր Արապսալիմ եւ բնականաբար 2-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ:

Ստորեւ կու տանք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 13-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՇԱԲԱԹ, 16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ    ԺԱՄ        ԴԱՇՏ
Իժթիմահի – Սաֆա        2:15        Թրիփոլի
Ահտ – Թրիփոլի                 2:15        Ժունիէ
Նըժմէ – Շապապ Ղազիէ    2:15        Սայտա
Թատամոն Սուր – Անսար   5:30        Սուր

ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Սալամ Սուր – Ախա Ահլի Ալէյ    2:15  Սուր
Ռասինկ – Շապապ Սահել  3:30        Պէյրութ

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 14-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՇԱԲԱԹ, 16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ    ԺԱՄ        ԴԱՇՏ
Մապարրա  Սաժես        2:15        Ահտ
Ահլի Նապաթիէ – Խըյուլ    2:15        Քֆարժոզ
Հարաքեթ Շապապ – Ֆաժըր Արապսալիմ   2:15        Զղարթա

ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Սալամ Զղարթա – Նահտա Պար Էլիաս    2:15  Զղարթա
Ահլի Սայտա – Ռիատա Ուալ Ատապ     2:15  Սայտա
Մաուատտէ Թրիփոլի – Շապապ Թրիփոլի  2:15        Թրիփոլի
Նեպի Շիթ – ՀՄՄ         2:15        Նեպի Շիթ

Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի փլէյ-օֆի 3-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, անոնք տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼՈՒ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ

ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՓԵՏՐՈՒԱՐ         ԺԱՄ        ԴԱՇՏ
Թատամոն Պէյրութ – Հարըֆ Ըրտէ Խէյրի   2:15        Ժունիէ
Շեպիպեթ Մազրաա – Ամալ Թրիփոլի     2:15  Անսար

Դ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ ՉՓՈԽԱԴՐՈՒԵԼՈՒ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ

ՇԱԲԱԹ, 16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Ռիատի Ապպասիէ – Ժաուատ Թրիփոլի    2:15  Անսար
Պարաղեմ Նապաթիէ – Ուաֆա Ղըպէյրի    2:15  Սաֆա

Վերջին բաժինով, ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտին Սատաքա հանդիսացաւ 2012-2013 տարեշրջանի ախոյեան: Այսպիսով, անիկա Լիբանանը պիտի ներկայացնէ ասիական ակումբներու ֆութսալի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 20-25 ապրիլ 2013-ին` Սինկափուրի մէջ (Մալեզիա):

Share this Article
CATEGORIES