Արուեստի Աշխարհէն. Կին Մը Կը Խծբծէ Տըլաքրուայի Մէկ Գլուխ Գործոցը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՄԱՐԴԻԿ ԿԸ ՍԻՐԵՆ ՇԵՓՈՐԵԼ ԴԱՒԱԴՐԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. ԱՅՆՔԱՆ, ՈՐ ԿԻՆ ՄԸ ԱՆՑԵԱԼ ՇԱԲԱԹ ՆՄԱՆ ՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԱԿՆԱՐԿՈՂ ԾԱԾԿԱԳԻՐ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԴՐՈՇՄԵՑ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՌԱԲԱՆՈՂ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻ ՄԸ ՎՐԱՅ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԵՒ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԵՆ.
Ֆրանսայի ամէնէն աւելի պաշտելի գեղանկարներէն մէկը` Էօժէն Տըլաքրուայի «Ազատութիւնը կ՛առաջնորդէ ժողովուրդը» վիպապաշտ գեղանկարը խծբծուեցաւ կնոջ մը կողմէ, որ սեպտեմբեր 11-ի առնչուող թիւերու եւ տառերու խորհրդաւոր պատկեր մը դրոշմեց անոր աջ անկիւնը:
Գեղանկարը մաս կը կազմէր Ֆրանսայի հիւսիսային Փա տը Քալէ շրջանին մէջ Լուվրի մէկ մասնաճիւղին կազմակերպած ցուցահանդէսին:
Ցուցահանդէսին ապահովութեան հսկող պահակները ձերբակալեցին 28 տարեկան կինը, որ դաւադրական տեսութիւններ խորհրդանշող «AE911» արձանագրութիւնը ձգած էր պաստառին վրայ:
Լուվրի արուեստի գործերու պահպանութեան մասնագէտ մը յաջորդ օր մաքրեց սեւ հաստ մելանով արձանագրութիւնը, եւ պաստառը դարձեալ ցուցադրուեցաւ հանրութեան:
«AE911Truth» անունն է համացանցի վրայ «Արքիթեքց էնտ էնճընիրզ 9/11 թրութ» կազմակերպութեան կայքին, որ կը յայտարարէ, թէ 11 սեպտեմբեր 2001-ին Մանհաթընի եւ Ուաշինկթընի վրայ կատարուած յարձակումներուն պաշտօնական բացատրութիւնը կը քողարկէ ճշմարտութիւնը:
Կինը 25 սմ երկարութեամբ գրութիւնը արձանագրեց պաստառին մէջ զօրամասի մը վրայ յարձակող մանչուկի մը նկարին տակ: 1830-ին Փարիզի յեղափոխութեան տարին գծուած այս գեղանկարէն ներշնչուած` Վիքթոր Հիւկօ պիտի գրէր իր «Թշուառները», որ հրատարակուեցաւ 1862-ին: Հիւկօ նոյնինքն այս մանչուկին հետեւողութեամբ ստեղծած էր խանդավառ Կավրոշի տիպարը:
Լուվրի պատասխանատուները յայտարարեցին, թէ խծբծումը «մակերեսային» էր եւ երկու ժամուան մէջ արդէն մաքրուած էր վերանորոգութեան վարպետի մը կողմէ` առանց վնաս պատճառելու 187 տարուան վրձնահարուածներուն:
Շրջանին մէկ դատախազը` Ֆիլիփ Փէյրօ յայտարարեց. «Չենք գիտեր, թէ այս արարքը արդեօք ընդոստ մղումի՞ մը արդիւնք էր, թէ՞ զայն գործող անձը կ՛ուզէր քաղաքական հաստատում մը կատարել»:
Ձերբակալուած կինը կը մնայ անանուն: Փէյրօ «Ա. Էֆ. Փէ.»-ի յայտնած է, թէ ան «անհաւասարակշիռ» է եւ կը կրէ «ֆրանսական հնչող անուն մը»:
Սակայն ֆրանսական լրատուամիջոցներ կը մէջբերեն իրաւական անանուն աղբիւրներ, որոնց համաձայն, խծբծումը յստակ ակնարկութիւն մը կը պարունակէ սեպտեմբեր 11-ի յարձակումներուն դաւադրական տեսութիւններուն:
«Արքիթեքց էնտ էնճընիրզ 9/11 թրութ» կազմակերպութեան համաձայն, Նիւ Եորքի մէջ Աշխարհի առեւտուրի կեդրոնին զոյգ աշտարակները ռմբահարուած են 11 սեպտեմբեր 2001-ին, եւ ոչ թէ` Քայիտայի անդամներու կողմէ առեւանգուած ճամբորդատար օդանաւ մը հարուածած է զանոնք: Իբրեւ ապացոյց այս տեսութեան` կազմակերպութեան կայքը կը նշէ «անմիջական փլուզումը» եւ ենթադրաբար` «գետնայարկէն լսուած պայթումները», ինչպէս նաեւ` լրատուամիջոցներու, Նիւ Եորքի ոստիկանութեան եւ հրշէջներու «նախօրօք գիտակցութիւնը, թէ փլուզում մը տեղի պիտի ունենար»:
«Ազատութիւնը կ՛առաջնորդէ ժողովուրդը» գեղանկարը սովորաբար կը ցուցադրուի Փարիզի Լուվր թանգարանին մէջ: Անիկա այն «աստղերէն» մէկ է, որ փոխադրուած է հիւսիս` զարդարելու համար նախկին ածխահանքի մը` Լենսի մէջ Լուվրի մասնաճիւղին պատերը: Ցուցահանդէսին ծրագիրը կը միտի վերաշխուժացնել Ֆրանսայի տագնապահար շրջանները` անոնց հետ բաժնելով Լուվրի եւ Փարիզի այլ թանգարաններու արուեստի հսկայական հաւաքածոները:
Տըլաքրուայի գեղանկարը եւրոյի գործածութենէն առաջ պատկերուած էր 100 ֆրանքնոց թղթադրամին վրայ: Ենթադրաբար անկէ ներշնչուած է նաեւ Նիւ Եորքի մէջ Ազատութեան արձանին զետեղումը: