Արուեստի Աշխարհէն. Ինչո՞ւ Իսլամ Ծայրայեղականներ Կը Ձգտին Քանդել Մշակութային Հնութիւններ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Թալեպան շարժումի անդամ մը` Պամիանի մէջ (Աֆղանիստան) Պուտտայի քանդուած մէկ արձանին բեկորներուն կողքին: 2001-ի մարտին իսլամական արմատական այս շարժումը պայթեցուց Պուտտայի հնադարեան երկու արձաններ` գործադրութեան դնելով իր գերագոյն ղեկավարին վճիռը` քանդելու երկրին բոլոր արձանները:

ԱՆՑԵԱԼ ԱՊՐԻԼԻՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ԱՄԷՆԷՆ ԱՂՔԱՏ ԵՐԿԻՐՆԵՐԷՆ` ՄԱԼԻԻ ՄԷՋ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾԷ ՄԸ ԵՏՔ ՔԱՅԻՏԱՅԻ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ՀԱԿԱԿՇԻՌԻՆ ՏԱԿ ԱՌԻՆ ԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔ ԹԻՄՊՈՒՔԹՈՒՆ ԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻՆ ՍԿՍԱՆ ՔԱՆԴԵԼ ԱՆՈՐ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՍՐԲԱՎԱՅՐԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻՆ ՍՈՒՖԻ ԻՍԼԱՄ ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ: ԱՆՈՆՔ ՍՊԱՌՆԱՑԻՆ ՈՉ ՄԷԿ ԴԱՄԲԱՐԱՆ ԿԱՆԳՈՒՆ ՊԱՀԵԼ: ՍԱԼԱՖԱԿԱՆ «ԱՆՍԱՐ ՏԻՆ» ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ, ԹԷ «ԱՍՏՈՒԱԾ ՉԷՐ ՔԱՋԱԼԵՐԵՐ ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ»: ԱՅՆՈՒՀԵՏԵՒ ՄԷԿ ՕՐՈՒԱՆ ՄԷՋ ՉՈՐՍ ԴԱՄԲԱՐԱՆՆԵՐ ՔԱՆԴՈՒԵՑԱՆ ՓԵՏԱՏՆԵՐՈՎ: ՀՐՈՅ ՃԱՐԱԿ ԴԱՐՁԱՆ ՆԱԵՒ ՀՆԱՄԵԱՅ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՁԵՌԱԳՐԵՐ: «ԷՆ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԼՐԱԳՐՈՂ ԻԱՆ ՃՈՆՍԸՆ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ՆՄԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐՈՒ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ԿԱՊ ՉՈՒՆԻՆ ԻՍԼԱՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԵՒ Կ՛ԵՐԹԱՆ ՄԻՆՉԵՒ ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴԻՆ ՈՒԺԻ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԸ ՉԷԶՈՔԱՑՆԵԼՈՒ ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ՄՂՈՒՄԸ:

Անոնք քանդած են Պուտտայի կուռքի վերածուած արձանները Պամիանի մէջ, աւերակոյտի վերածած են Թիմպուքթուի հնադարեան քաղաքին առասպելի կարգ անցած «աշխարհի վերջը» խորհրդանշող դարպասը, նոյնիսկ կոչ ուղղած են կործանելու Եգիպտոսի հնադարեան բուրգերը եւ սֆինքսը:

Աշխարհի տարածքին իսլամական շարժումներ հռչակաւոր դարձած են պատմական հնութիւններ, կոթողներ եւ կառոյցներ քանդելու իրենց միտումով:

Այս ամսուան սկիզբը պաշտօնական աղբիւրներ հաստատեցին, թէ Մալիի Ահմետ Պապա հիմնարկէն շուրջ 2000 ձեռագիրներ փճացուած էին կամ գողցուած` վերջին 10 ամիսներուն, երբ իսլամական խմբաւորումներ գրաւած էին Թիմպուքթուն: Կարգ մը մասնագէտներ կորսուած ձեռագիրները կը բաղդատեն Մեռեալ ծովու ձեռագիր մագաղաթներուն հետ:

Արեւմուտքի մէջ շատեր նման արարքներ կը բացատրեն պարզապէս իբրեւ աւեր սփռելու աննպատակ մարմաջ: Այսուհանդերձ, այն մտածողութիւնը, որ կը մղէ նման արարքներու, մաս կը կազմէ աւելի լայնատարած աւանդութեան մը: Անիկա կը միտի արմատախիլ ընել կռապաշտութիւնը եւ նախապաշարում մըն է, որ կը գտնուի քրիստոնէութեան, մովսիսականութեան, ինչպէս նաեւ իսլամութեան մէջ:

Ուսամա Հասան, որ 20 տարի իբրեւ ծայրայեղ իսլամ ապրելէ ետք այժմ Բրիտանիոյ մէջ մաս կը կազմէ Քուիլիամ հիմնարկին եւ կը պայքարի իսլամ ծայրայեղականութեան դէմ, կ՛ըսէ, թէ իսլամներուն մեծամասնութիւնը ունի «հանդուրժողութեան որոշ կեցուածք մը»` ցուցաբերելով «ապրէ՛ եւ ձգէ, որ ուրիշը նաեւ ապրի»-ի մօտեցում:

«Իսլամութեան ընդունուած մտածողութիւնը հակամէտ է հանդուրժելու պատմական նման հնութիւնները,- կ՛ըսէ ան:- Նոյնիսկ երբ իսլամներ համաձայն չեն անոնց ետին գտնուող նախապաշարումներուն, անոնք չեն փափաքիր գրգռութիւն յառաջացնել եւ մեծ հարցի չեն վերածեր զանոնք»:

Սակայն Հասան նաեւ կ՛աւելցնէ, թէ ինք «շատ լաւ» կը հասկնայ մտայնութիւնը այն իսլամներուն, որոնք կ՛ամբաստանուին իբրեւ աւերիչներ, որովհետեւ «ժամանակին ինք ալ կը բաժնէր զայն»:

Հասան կ՛ըսէ, թէ երբ ինք ծայրայեղ իսլամ էր, կը մտածէր. «Այո՛, պէտք է քանդենք բուրգերը, երբ ստանձնենք Եգիպտոսի ղեկը»:

«Շատ տխուր է այս մէկը,- կը նշէ ան:- Այս ձեւով կը կորսնցնենք այդ ամբողջ մշակութային ժառանգութիւնը, երաժշտութիւնը, պատմութիւնը, արուեստը, հնադարեան գիրքերը: Երբ իսլամականները համաձայն չեն անոնց բովանդակութեան, ապա կը թուի, թէ պատրաստ են հրկիզելու գիրքերը: Իսկ եթէ իսլամ չես կամ համաձայն չես ծայրայեղ իսլամներու նեղմիտ մեկնաբանութեան, ապա անոնք կ՛ընդդիմանան իւրաքանչիւր արարքիդ եւ ի հարկին` շատ բիրտ ձեւով»:

Բազմաթիւ պատմութիւններ կը բացատրեն, թէ սֆինքսը ինչպէ՛ս կորսնցուցած է իր քիթը: Սակայն Հասանի համաձայն, գոյութիւն ունի արձանագրութիւն մը, որ կ՛ըսէ, թէ 14-րդ դարու իսլամ կրօնաւոր մը` Սայիմ Տահր փորձած է ձերբազատիլ անկէ:

«Կը տիրէր այն հաւատալիքը, թէ սֆինքսը որոշ հակակշիռ ունէր Նեղոս գետին մակարդակին վրայ… Տահրի նպատակն էր ճզմել տեղացիներուն այս նախապաշարումը սֆինքսին ուժին նկատմամբ, հետեւաբար ան փորձած էր քանդել զայն», կը բացատրէ Հասան:

Հաւանական է, որ Մալիի ծայրայեղ իսլամները նման մտածողութենէ մղուած գործած են իրենց կարգ մը արարքները: Թիմպուքթուի դարպասին կործանումը հաւանաբար կը միտէր անոր առասպելին հաւատացող տեղացի բնակիչներուն ցոյց տալ, թէ անոր պատմութիւնը իրականութիւն չէր, ինչպէս կը բացատրէ Հասան:

Սակայն, մինչ թալեպանները 2001-ին Պամիանի Պուտտայի արձաններուն քանդումը կ՛արդարացնէին` ըսելով, թէ անոնք կուռքեր էին, անդին` Հասան կը նշէ, թէ պատճառները աւելի խոր էին:

«Թալեպաններու կողմէ արձաններուն քանդումը քաղաքական արարք մըն էր: ՄԱԿ-ը դրամ ուղարկած էր արձաններուն վերանորոգութեան համար, այնպիսի ժամանակներու, երբ պատժամիջոցներ սահմանուած էին Աֆղանիստանի դէմ,- կ՛ըսէ ան:- Թալեպանները կ՛ըսէին, թէ մանուկներ կը մահանային պատժամիջոցներուն պատճառով… եւ թէ` ՄԱԿ-ը աւելի մտահոգ էր արձաններուն վիճակով, քան` մարդոց»:

Հռոմի համալսարանին մէջ արուեստի պատմութեան դասախօս Նոա Չառնի կ՛ըսէ, թէ կուռքեր քանդելու սովորութիւնը կու գայ Աստուածաշունչի ժամանակներէն, երբ մարտնչող կողմեր կը քանդէին թշնամիին պատկանող կոթողներ` հաւատալով, թէ անոնք կը խտացնէին կրօնական ուժ մը:

Տասը պատուիրաններէն մէկը կը հրամայէ. երկինքի մէջ կամ երկրի վրայ «որեւէ բանի նմանողութեամբ քեզի կուռքեր պիտի չկերտես»: Սակայն Չառնի կ՛ըսէ, թէ այս պատուիրանը «շուտով մոռցուած է» կամ բազմաթիւ քրիստոնեաներու կողմէ մեկնաբանուած է սոսկ իբրեւ «կեղծ կուռքեր»-ու պատկերներ:

Չառնի կը բացատրէ, թէ սխալ կառուցուածքի հետեւանք չէ, որ հին յունական եւ հռոմէական աստուածներուն արձաններէն շատերը այսօր զուրկ են իրենց գլուխներէն եւ թեւերէն: Այլ այս երեւոյթը յաճախ աւանդն է 6-րդ դարու Մեծն Գրիգոր պապին:

«Ան կը մտածէր, թէ դասական ժամանակներու արձանները շատ գեղեցիկ էին, սակայն այն վտանգը կը տիրէր, թէ մարդիկ կրնային վերադառնալ իրենց հեթանոսական հաւատալիքներուն եւ կրնային վերադառնալ կուռքերու պաշտամունքին», կ՛ըսէ Չառնի: Գլուխն ու թեւերը յաճախ կը կրէին տուեալ աստուածութիւն մը բնորոշող յատկանիշներ: Անոնց վերացումով «արձանը կը կորսնցնէր իր ուժը, որովհետեւ այլեւս կարելի չէր գիտնալ, թէ ո՛ր աստուածը կը մարմնաւորէր»:

Քրիստոնեաներու միջեւ ենթադրեալ կռապաշտութեան դէմ բախում մը ծայր տուաւ 7-րդ դարու Բիւզանդիոնի մէջ, ուրկէ ծնունդ առաւ «պատկերատեացութիւն» բառը, որ ունէր կրօնական պատկերները փճացնելու իմաստ:

Կրօնական բարեկարգումներու շարժումը եւս 16-րդ դարուն առաջնորդեց Եւրոպայի տարածքին բողոքականներու կողմէ եկեղեցիներու մէջ բազմաթիւ արձաններու աւերումին:

Ֆրանսական եւ մալիական բանակներուն կողմէ Թիմպուքթուի վերանուաճումէն ետք ի յայտ եկաւ, թէ իսլամ ըմբոստներ մեծ աւեր գործած էին հնադարեան քաղաքին մէջ եւ փճացուցած էին հազարաւոր անգին ձեռագիրներ:

Թիմպուքթուն կրած է մերօրեայ ծայրայեղ իսլամ պատկերատեացներու հարուածը: Մալիի մէջ ըմբոստներ կրակի տուին այս քաղաքին պատմական գրադարանը, երբ այս ամսուան սկիզբը սկսան նահանջել` ֆրանսական եւ մալիական բանակներուն դիմաց:

Ծայրայեղ իսլամականներ քաղաքը գրաւած էին անցեալ տարի: Այնուհետեւ անոնք քանդած էին դամբարաններ, ինչպէս նաեւ` դարպաս մը, որ տեղւոյն նախապաշարումներուն համաձայն, պիտի բացուէր միայն այն ատեն, երբ աշխարհի վերջը հասնէր:

Նոյեմբերին Եգիպտոսի մէջ ծայրայեղ պահպանողական կրօնական ղեկավար մը` Մուրկան Սալեմ Կոհարի տեղական պատկերասփիւռի կայանէ մը յայտարարած էր, թէ Կիզէի սֆինքսն ու բուրգերը պէտք էր գետնին հաւասարեցնել: Այս արտայայտութիւնը վերնագիրներ խլեց, թէեւ Եգիպտոսի մէջ միայն սակաւաթիւ փոքրամասնութիւն մը կը բաժնէր զայն:

«Բոլոր իսլամները պէտք է կիրարկեն նման կուռքեր վերացնելու իսլամական ուսմունքները, ինչպէս զանոնք կիրարկեցինք Աֆղանիստանի մէջ, երբ քանդեցինք Պուտտայի արձանները», ըսաւ ան:

Թէեւ Կոհապի կը փառաբանէր 2001-ի մարտին 55մ եւ 38մ բարձրութեամբ 6-րդ դարու երկու արձաններուն քանդումը Աֆղանիստանի Պամիանի հովիտին մէջ, սակայն ԵՈՒՆԵՍՔՕ զայն կը նկարագրէր իբրեւ «ողբերգական արարք մը», որ «ցնցած էր աշխարհը»:

Կործանարար հարուածը մեծ ուժով իջած է նաեւ Սէուտական Արաբիոյ Մեքքէ եւ Մետինէ քաղաքներուն մէջ:

Իսլամական ճարտարապետութեան մասնագէտ Սամի Անկաուիի համաձայն, 2005-ին կատարուած հաշուարկում մը ցոյց կու տայ, թէ վերջին 50 տարիներուն առնուազն 300 պատմական կառոյցներ քանդուած են այս քաղաքներուն տարածքին:

Պատճառը իսլամութեան մէջ սկիզբ առած ուահապական շարժումին այն համոզումն է, թէ մարդիկ կրնան կուռքի պէս պաշտել այն կառոյցները, որոնք կ՛առնչուին Մոհամետի հետ, փոխանակ պաշտելու զԱստուած:

Բրիտանիոյ Պըրմինկհամ համալսարանին մէջ քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան դասախօս Տէյվիտ Թոմըս կ՛ըսէ, թէ պատկերատեացութիւնը «դժբախտաբար ուղղութիւն մըն է բոլոր կրօններուն մէջ»: Սակայն ան նաեւ կ՛աւելցնէ, թէ անիկա «ներկայիս ամէնէն աւելի ներկայ է իսլամութեան մէջ»:

Իբրեւ հակասութիւն ան կը նշէ, թէ «Քուրանի մէջ կան այնպիսի ուսմունքներ, որոնք իրապէս շատ լայնամիտ են եւ հանդուրժողական: Կան այնպիսի ուսմունքներ, որոնք նաեւ կ՛ընդունին Մոհամետի ցոյց տրուած ուղիէն տարբեր ուղիներու գոյութիւնը»:

Թոմըս կ՛աւելցնէ, թէ իսլամականները կը գտնուին նոյնինքն իրենց ատած մեղքը գործելու վտանգին դիմաց:

«Թալեպանները կը ցուցաբերեն այնպիսի կեցուածք մը, որ ինքնին կը մօտենայ պատկերապաշտութեան: Անոնք կ՛ըսեն, թէ գիտե՛ն` ինչ է ճշմարտութիւնը, թէ` իրենց մենաշնորհն է ճշմարտութիւնը, հետեւաբար կարծէք կը փոխարինեն Աստուծոյ դերը` դատելով, թէ ո՛վ ճիշդ է եւ ո՛վ` սխալ»:

 

Թիմպուքթուի Գանձերը

Թանգարանի պահակ մը ցոյց կու տայ հնադարեան այրած ձեռագիր մը` Թիմպուքթուի (Մալի) Ահմետ Պապա հիմնարկին մէջ:

Թիմպուքթու իսլամական գիտութեան կեդրոն էր 13-րդ եւ 17-րդ դարերուն:

Շուրջ 700 հազար ձեռագիրներ կը գոյատեւեն հանրային գրադարաններու եւ սեփական հաւաքածոներու մէջ:

Գիրքերը կը պարունակեն կրօնի, օրէնքի, գրականութեան եւ գիտութեան վերաբերող նիւթեր:

Նամակները գրուած են իշխանաւորներու, պետական պատասխանատուներու եւ առեւտրականներու կողմէ, կը վերաբերին տարբեր հարցերու, ինչպէս` տուրքեր, առեւտուր, ամուսնութիւն:

Քաղաքը 1988-ին մաս կազմած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի ժառանգութեան ցանկին, իր 3 մզկիթներուն, 16 գերեզմանատուներուն եւ հոյակերտ դամբարաններուն համար:

Այս կառոյցները գլխաւոր դեր խաղցած են իսլամութիւնը դէպի Արեւմտեան Ափրիկէ տարածելու մէջ:

Անոնք սուֆի իսլամ սուրբերու սրբավայրեր են. հնագոյնը կառուցուած է 1329-ին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )