Մտորումներ. Աստուած Տեսաւ, Զայրացաւ…

Հ. Մ.

Տակաւին նախանցեալ տարի էր, որ համասուրիահայ Կեդրոնական մարմին մը ստեղծուեցաւ Մեծ եղեռնի 100-ամեակին ընդառաջ` ձեռնարկներու շարք մը կազմակերպելու եւ 2015-ին այդ բոլոր ձեռնարկները եզրափակելու մեծ ձեռնարկով մը, որուն ձեւն ու տարողութիւնը կարելի չէր կանխորոշել, մանաւանդ որ Թուրքիան տակաւին սիրաբանութեան մէջ էր Սուրիոյ հետ: Մենք` հայերս, այդ սիրաբանութենէն լաւ բաներ չէինք ակնկալեր, բայց եւ այնպէս պատրաստ էինք ընելու ամէն ինչ` կարելիութեան սահմաններուն մէջ, նաեւ` առանց դոյզն դժուարութիւններ յարուցանելու պետութեան, քանի որ կ՛ըմբռնէինք Սուրիոյ կացութիւնը:

Ժողովին մասնակիցները ներքուստ ունէին այն հաւատքը, որ լաւագոյնն ու ամենաարժանին կազմակերպելու իրաւասութիւնը Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի կը պատկանէր, տրուած ըլլալով, որ Հալէպն էր, որ ունեցած էր «դժբախտութիւնը» բռնագաղթէն վերապրած խլեակներու առաջին ապաստանն ըլլալու եւ բարեբախտութիւնը` «Մայր գաղութ» կոչուելու:

Որքան ալ դառն էր բաժակը, հալէպահայերը զայն ըմպելու նախապատուութիւնը իրենց պիտի պահէին:

Սակայն, ինչպէս կ՛ըսեն, շաբաթը եկաւ ուրբաթէն առաջ, գլխիվայր շրջեցաւ ամէն ինչ, անդրանիկ ժողովը չկրկնուեցաւ:

Նախատեսուած ձեռնարկներու սեւագիր արձանագրութիւնները մնացին թուղթի վրայ: Հարիւրամեակի նախօրեակին խափանուեցան ծրագիրները, եւ ժողովականներու տրամադրութիւններուն վրայ քացախ թափեցաւ:

Թէեւ այն ատեն` 2011-ին, հարիւրամեակէն չորս տարի առաջ ծրագիրներ մշակելը շատ կանուխ կը նկատէինք, սակայն հայրենի պետութիւնը ազդանշանը տուած էր եւ աշխարհի բոլոր գաղութներուն նման, մենք ալ պիտի լծուէինք աշխատանքի:

Հիմա, այդ հիմնադիր ժողովէն աւելի քան տարի մը ետք, յետադարձ հայեացք մը կը նետեմ ու կը նայիմ, թէ դէպքերը ինչպէ՛ս իրարու յաջորդեցին, օրերը թաւալեցան ժանգոտած անիւներու սրտակեղեք ճռնչիւնով, ու Սուրիան դարպասող մեր հիւսիսի դրացին յանկարծ դիմակը հանեց, իրեն երկարած ձեռքը խածաւ իր գայլի սուր ժանիքներով ու սկսաւ կրակ թափել մեր վրայ. կրակ, որուն բոցերը առաջին հերթին Ազեզի մեռած հայկական գաղութէն անցնելով` հասան Հալէպ, սահմանակից մեծ քաղաքն ու մեծ գաղութը, որովհետեւ Թուրքիան ոչ միայն Ալեքսանտրեթի սանճաքը կլլեց, այլ նաեւ կը փայփայէ երբեմնի Օսմանեան կայսրութեան «Հալէպի վիլայէթը» վերականգնելու երազը… Եւ «ասպետօրէն» հրաւէր կը կարդայ սուրիահայութեան, որ Թուրքիա ապաստանին ապահովութեան համար, որպէսզի միանգամընդմիշտ արմատախիլ ընէ քիթին տակ տնկուած փշաթուփը… Խնդա՞ս, թէ՞ լաս:

Ձեռքս է հիմա Վահրամ Մավեանի «Հայու բեկորներ»¬ը ու արցունքը աչքերուս, քանիերորդ անգամն ըլլալով կարդացի «Լեհաստանի վերջին, քառորդ հայը» պատմուածքը ու տարուեցայ մտածելու, թէ օր մը, գուցէ հարիւրամեակ մը կամ երկու հարիւրամեակ ետք պիտի պատահի՞, որ աշխարհի մէջ յիշուի մէկը` որպէս «վերջին հալէպահայը», քառորդ, կէս կամ` լման… բայց, վերջի՛ն…

Ու դող մը կ՛անցնի մարմնէս` երկայնքով ու լայնքով: Կրնա՞յ պատահիլ:

Հալէպի եւ հալէպահայ գաղութին մասին տեղացող գրութիւնները, բոլորն ալ անկեղծ զգացումներով գրուած, դառն ափսոսանքով,  ոմանց մէջ տողատակ, թաքուն ողբ մը կայ, անցեալի քաղցր յուշերու կողքին, գալիք սեւ օրերու մասին ողբ մը, որ կարծես արդէն պատանքը կը կարէ գաղութին, որ արդէն մահամերձ է…

Պատասխանատու մարդիկ կոչ կ՛ուղղեն գաղութը չպարպելու` հաւատալով Հալէպի վերապրումին ու վերածաղկումին: Մինչ ուրիշներ արդէն գիծ քաշած են իրենց ծննդավայրին վրայ` ըսելով, որ իրատե՛ս ըլլալու է, ո՛չ լաւատես, ո՛չ ալ յոռետես, այլ` իրատե՛ս: Գաղութներն ալ մարդոց նման կը ծնին, կ՛ապրին ու կը մեռնին, օրինակները` շա՛տ. միայն հայրենիքն է, որ չի մեռնիր բնաւ:

Ու այս երկու հոսանքներուն բերանը ինկած` մարդիկ չեն գիտեր, թէ ո՛րն է ճիշդը ու կը դիմեն Աստուծոյ, որ կողմնորոշում մը տայ, ճամբայ մը ցոյց տայ:

Աստուած պիտի լսէ՞:

Աշխարհի վրայ իր անունը բարձրագորգոռ թնդացող, զիրար բզկտող մոլեգնած զինեալներու հանած աղմուկէն զզուած` Աստուած իր ականջները չէ՞ փակած:

Ոչ թէ «Գողը գողէն գողացաւ, Աստուած տեսաւ, զարմացաւ», այլ իր անունով ի՜նչ վայրագութիւններ կատարուիլը տեսաւ ու Աստուած զայրացաւ… Շա՛տ զայրացաւ…

Նոր ջրհեղեղի մը ժամանակը չէ՞ արդէն…

 

Պէյրութ

 

Share this Article
CATEGORIES