Սինէ Քլապ. Ծովիկ Թորիկեանի «Պալա Ուալա Շի» Ժապաւէնի Ներկայացում
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերական միաւորին, երէկ` հինգշաբթի, 14 փետրուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սինէ քլապի շարժանկարներու ցուցադրութեան շարքին 2-րդը` Ծովիկ Թորիկեանի «Պալա Ուալա Շի» ժապաւէնին ներկայացումը:
Թատերական միաւորի անունով Մարալ Մխսեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Ծովիկ Թորիկեանի կենսագրականը: Ան յայտնեց, որ Ծովիկ Թորիկեան աշխատած է լիբանանեան կարգ մը շարժանկարներու մէջ` իբրեւ օգնական բեմադրիչ, ինչպէս նաեւ նաեւ բազմաթիւ թատերախաղերու, վաւերագրական եւ կարճ ժապաւէններու մէջ: Մխսեան նկատել տուաւ, որ անոր բեմադրած 3 կարճ ժապաւէններէն մէկն է «Պալա Ուալա Շի» ժապաւէնը եւ հրաւիրեց բեմադրիչը ներկայացնելու զայն:
Ծովիկ Թորիկեան յայտնեց, որ շարժանկարը փորձառական է, եւ ինք ուզած է 15 վայրկեանի մէջ առանց ընդմիջումի պատմել 3 կարճ պատմութիւններ, ինչ որ բաւական դժուար է: Ան նկատել տուաւ, որ ժապաւէնը մարդկային յարաբերութիւններու մասին է:
Այնուհետեւ ներկաները դիտեցին «Պալա Ուալա Շի» ժապաւէնը, որուն տեւողութիւնը 15 վայրկեան է եւ կը խօսի 3 տարբեր անձերու մասին, որոնք փապ գացած են խմելու եւ իւրաքանչիւրը ունի իր հոգն ու հարցը, զորս կը պատմէ միւսին:
Աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու բեմադրիչին: