«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Յանձնեց Սուրիահայութեան Օժանդակութեան 100.000 Տոլարը
Հաղորդագրութիւն
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ հինգշաբթի, 14 փետրուար 2013-ի առաւօտեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին` յանձնելու սուրիահայութեան ի նպաստ հանգանակուած գումարին չեքը:
Արդարեւ, մարմինի անդամները վեհափառ հայրապետին տեղեկացուցին, որ համայն լիբանանահայութեան ջանքերով 7 դեկտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցած Ռատիոթոնի ընթացքին հանգանակուած գումարին 100.000 ամերիկեան տոլարը որոշուած էր յատկացնել սուրիահայութեան, ուստի այդ գումարին չէքը կը փոխանցեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սուրիահայութեան օժանդակութեան յատուկ դրամատնային հաշիւին:
Վեհափառ հայրապետը մեծ գոհունակութեամբ ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինին նախաձեռնած դրամահաւաքին ճամբով սուրիահայ իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար լիբանանահայ համայնքի զաւակներուն նուիրաբերած այս գումարը` յոյս յայտնելով, որ լիբանանահայութեան այս քայլը, օրինակ կը ծառայէ բոլորին` նուիրական նոյն ոգիով օժանդակութեան ձեռք երկարելու տագնապահար սուրիահայութեան:
Այս առիթով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը անգամ մը եւս իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ
Պէյրութ, 14 փետրուար 2013