Պատահական Փամփուշտէ Սպաննուած Հայ Մը Եւս

Երէկ երեկոյեան «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ յայտնեց, թէ շաբաթ, 9 փետրուարին, Հալէպի մօտ գտնուող վայրի մը մէջ զինեալներ կեցուցած են հանրակառք մը եւ առեւանգած 29-ամեայ հայ կաթողիկէ վարդապետ Միքայէլ Քայյալը եւ անոր ուղեկից յոյն ուղղափառ այլ կղերական մը: Առեւանգողները աւելի ուշ կապ պահած են փրկագին պահանջելով:

«Բնականաբար, ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայուի անոնց ապահով ազատ արձակման համար», ընդգծեց Ժիրայր Ռէյիսեան:

Յայտնենք, որ ըստ որոշ լրատու աղբիւրներու հաղորդած տեղեկութիւններուն, երէկ Հալէպի Սուլէյմանիէ շրջանին մէջ պատահական փամփուշտի զոհ գացած է Յարութ Քէօշկերեան (ծնեալ` 1970-ին):

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )