Թուրք Երեսփոխան Մը Իրանն Ու Սուրիան Կ՛ամբաստանէ Անգարայի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատան Դէմ Յարձակումին Համար
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխան Շամել Թայեար թուրք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ «ես կը կարծեմ, որ Անգարայի մէջ ամերիկեան դեսպանատան դէմ անձնասպանական գործողութեան ետին Իրանն ու Սուրիան կը կանգնին, եւ անոնց նպատակը թրքական կառավարութեան եւ Իմրալը բանտին մէջ գտնուող անջատողական ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի միջեւ ընթացող խաղաղութեան հոլովոյթին ճամբան կտրելն է»:
Ան աւելցուց, որ «կարգ մը երկիրներու գաղտնի սպասարկութիւնները ահաբեկչական կազմակերպութեանց անդամները կ՛օգտագործեն գործադրելու համար արիւնալի ահաբեկչական գործողութիւններ, որոնք իրենց շահերուն կը ծառայեն` փոխան այդ ձախակողմեան ահաբեկչական կազմակերպութեանց դրամի կամ գումակային աջակցութեան տրամադրման, այդ կազմակերպութիւններու շարքին նաեւ Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան ճակատին, որովհետեւ Անգարայի եւ Իմրալըի միջեւ բանակցութեանց շարունակման պատճառով անջատողական Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան անդամներուն հետ գործակցութիւնը ներկայիս կրնայ դժուար ըլլալ»:


