Ազրպէյճան Պահեստային Սպաներու Զօրահաւաքի Կը Սկսի
Ազրպէյճանի զօրահաւաքի եւ զօրակոչի պետական ծառայութենէն ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Ազրպէյճանի մէջ պահեստային սպաներու զօրակոչ կը ծրագրուի:
Զօրահաւաքի նպատակը պահեստային սպաներու պատրաստուածութեան մակարդակի բարձրացումն է: Ներկայիս պետական ծառայութիւնը այդ հարցով կը պատրաստէ անհրաժեշտ փաստաթուղթերն ու նոր օրէնքները:
Յառաջիկայ հանգրուանին պիտի կազմակերպուի սպայ մասնագէտներու, ներառեալ` բարձրագոյն եւ միջին կրթութիւն ունեցող բժշկական մարզի աշխատողներու հաւաք: Ըստ Ազրպէյճանի մէջ գործող օրէնքին, պահեստային սպաներու հաւաքի ժամկէտը երկու ամիս է:
CATEGORIES Միջազգային