Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց Պընթ Ժպէյլի եւ Մերժահիունի վերեւ:
ԻՍՐԱՅԷԼԻ Ա. փոխվարչապետ Մոշէ Եաալոն շեշտեց, որ Հըզպալլայի մօտ կը գտնուին տասնեակ հազարաւոր հրթիռներ, որոնք դիւրաւ կրնան թիրախ դարձնել իսրայէլեան որեւէ շրջան: Ան աւելցուց, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ որեւէ նոր պատերազմ շատ երկար պիտի տեւէ եւ նախկին պատերազմներէն տարբեր պիտի ըլլայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ Ռայի պատրիարքին Սուրիա կատարած այցելութեան վերաբերող հարցեր:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ընդդիմութեան աղբիւրներ եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին յայտնեցին, որ սուրիական վարչակարգն էր, որ սպաննած էր Հըզպալլայի զինուորական թեւի պատասխանատու Իմատ Մուղնիէն:
ԸՍՏ անպաշտօն աղբիւրներու, Թրիփոլիի Ապու Ալի հրապարակին վրայ զինեալներ կեցուցած են դէպի Սուրիա մազութ փոխադրող սիթեռններ եւ արգիլած Սուրիա անոնց մուտքը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է գտնել արաբական-իսրայէլեան տագնապի լուծման նոր մօտեցում մը:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ երբ իրենք իմանան Պուրկասի պայթումին մասին Պուլկարիոյ տեղեկագիրին մանրամասնութիւնները, կը ճշդեն իրենց դերակատարութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, օտար պետութիւններ ամէն ջանք ի գործ դրած են Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայանները զինելու նպատակով:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու տեղեկութիւններուն մասին իր կեցուածքէն անշեղ պիտի մնայ, նոյնիսկ եթէ ստիպուի հրաժարիլ իր պաշտօնէն:
ԱՄԱԼ շարժումի եւ Մուրապիթունի պատասխանատուներ երէկ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք շեշտեցին, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշգրիտ թուականին կատարելը լիբանանցիներուն համար օրինական եւ սահմանադրական քայլ մըն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող ընտրական օրինագիծը իր ազդեցութիւնը ունեցած է Մարտ 14-ի դաշինքը բաղկացնող քաղաքական ուժերուն միջեւ յարաբերութիւններուն վրայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ Մոսկուա կը զօրակցի Սուրիոյ վարչակարգին եւ սուրիական ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութեան մը սկսելու ջանքերուն:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ իրենք յանձնառու են Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ իրենց յարաբերութիւններուն:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի երաշխաւորած է Լիբանանի գոյութիւնը աշխարհի քաղաքական քարտէսին վրայ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ իսլամական կազմակերպութիւններ կը գտնուին զգաստ վիճակի մէջ եւ մնայուն կերպով զինուած են:
ՍԱՅՏԱՅԻ քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի կորուստը մեծ էր եւ անոր սպանութեան ստեղծած ցնցումը 2005-էն ի վեր կը զգացուի Լիբանանի մէջ:

