«Ուղղափառ Հանդիպումին Մշակած Օրինագիծը Լիբանանի Համար Փորձանք Է» Շեշտեց Ռոպեր Ղանեմ
Ընտրական օրինագիծի քննարկման խորհրդարանական ենթայանձնախումբի նախագահ Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը հակասահմանադրական է եւ Լիբանանին ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքին համար փորձանք կը նկատուի:
Ղանեմ նշեց, որ ընտրական նոր օրինագիծ մը մշակելու առումով քննարկումները կը կեդրոնանան նոր չափանիշներ ճշդելու աշխատանքին վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքական հաւասարակշռութիւններ յառաջացնել` միաձուլելով մեծամասնական եւ համամասնական ընտրական օրինագիծերը:
Ղանեմ շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապը կարելի չէ լուծել պարզապէս ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումով:
Անդրադառնալով նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցին` ան շեշտեց, որ ի վերջոյ լիբանանցիներն ու ամբողջ աշխարհը պիտի գիտնան, թէ ո՛վ էր Հարիրին սպաննողը: