Շարպել. «Քաթարցիներն Ու Թուրքերը Կ՛աշխատին Ի Խնդիր Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարին Լուծման»
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ Քաթարի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` լուծելու համար առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը:
Շարպել նշեց, որ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու համար ամէն ջանք ի գործ կը դրուի:
Անդրադառնալով Արսալի միջադէպին` Շարպել շեշտեց, որ այդ իմաստով Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր ստանձնած է այդ թղթածրարը, որուն լոյսին տակ ձերբակալութիւններ կատարուած են եւ անոնք կը շարունակուին:
Երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման մասին հարցումի մը պատասխանելով` Շարպել յայտնեց, որ պէտք է նախ եւ առաջ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:
CATEGORIES Լիբանանեան