Զօր. Աուն Ընդունեց Զասպիքինը

Զասպիքին եւ զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները:

Զօր. Աուն ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ վարձուորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբը:

Քննարկուեցան այս թղթածրարին վերաբերող հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ յանձնախումբը պահանջեց յետս կոչել վարձքերուն մասին վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին պատրաստած օրէնքի նախագիծը:

 

Share this Article
CATEGORIES