«Կառավարութիւնը Լուրջ Է Պետական Պաշտօնեաներուն Վաւերացուած Յաւելումները Խորհրդարան Փոխանցելու Առումով» Շեշտեց Նախարար Մանճեան

Պետական նախարար Փանոս Մանճեան երէկ շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը մէկ անգամուան համար կիրարկուեցաւ` աւելցնելով, որ նախքան ընտրարշաւի սկսիլը կարիք չկայ ընտրական խորհուրդներ հիմնելու:

Փ. Մանճեան շեշտեց, որ եթէ ընտրական նոր օրէնք մը կարելի չըլլայ մշակել, ապա երեսփոխանական ընտրութիւնները կարելի պիտի չըլլայ կայացնել:

Միւս կողմէ, նախարար Մանճեան հաստատեց, որ կառավարութիւնը լուրջ է պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձերուն վաւերացուած յաւելումները խորհրդարան փոխանցելու առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )