Պըրրի – Փլամպլի Հանդիպում

Փլամպլի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Թալալ Սահիլի եւ Պըրրիի տեղեկատուական մարզի խորհրդական Ալի Համտան:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Իան Քրիսթընսըն: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք աշխուժացնելու հեռանկարները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )