Թուրք Ընդդիմադիր Երեսփոխան Մը Դիմած Է Խորհրդարան` Սամաթիոյ Հայերուն Դէմ Բռնարարքները Ուսումնասիրելու Պահանջով
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Լեւենթ Կէօք դիմած է Թուրքիոյ խորհրդարանի Մարդու իրաւունքներու ուսումնասիրութեան յանձնախումբին` Սամաթիոյ մէջ հայ կիներուն դէմ յարձակումները հետաքննելու պահանջով:
Թրքական «Թի.24» պատկերասփիւռի կայանի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Կէօք այդ յանձնախումբի անդամ է եւ իր ներկայացուցած դիմումին մէջ յիշեցուցած է, որ 85-ամեայ հայուհի Մարիցա Քիւչիւքը դաժանաբար սպաննուած է իր տան մէջ, հայկական արմատներով այլ կին մը յարձակումի ենթարկուելուն պատճառով աչքը կորսնցուցած է:
«Շիշլի եւ Սամաթիա թաղամասերուն մէջ տեղի ունեցած յարձակումներուն պատճառով ազգութեամբ հայ մեր հինգ քաղաքացիներէն երկուքը մահացած են, երեքը` վիրաւորուած», յիշեցուցած է երեսփոխանը` նշելով, որ այդ յարձակումները վտանգի տակ կը դնեն հայերու եւ թուրքերու միացեալ խաղաղ գոյակցութիւնը:
«Ամէնէն վտանգաւորը` յարձակումներուն կրօնական եւ ազգային ենթահող ունենալու հաւանականութիւնն է», գրած է Կէօք` յանձնախումբէն պահանջելով ուսումնասիրել այդ յանցագործութիւնները:

