Թիֆլիսի Մէջ Նալբանդեան Մասնակցեցաւ Արեւելեան Գործընկերութեան Անդամ Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 12 փետրուարին մասնակցեցաւ Թիֆլիսի մէջ սկսած Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման, որուն ներկայ էին Եւրոպական յանձնաժողովի ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հելկա Շմիտ եւ Արեւելեան գործընկերութիւն ծրագիրի անդամ երկիրներու պատուիրակութիւնները:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ համագործակցութեան արձանագրուած արդիւնքները, նախանշուեցան գործընկերութեան հեռանկարները , անդրադարձ կատարուեցաւ Արեւելեան գործընկերութեան ճամբու քարտէսի իրականացման եւ միտքեր փոխանակուեցան Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովին ընդառաջ ձեռնարկուելիք քայլերուն վերաբերեալ:

Ելոյթ ունենալով նախարարական հանդիպումին ընթացքին` նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի արձանագրած յառաջընթացը եւ ընդգծեց հայկական կողմի ակնկալիքը` մինչեւ աշուն տեղի ունենալիք Վիլնիուսի վեհաժողովը եզրափակել Ընկերակցութեան համաձայնագիրի եւ Խոր ու համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման շուրջ բանակցութիւնները:

Նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստան ներգրաւուած ըլլալով Արեւելեան գործընկերութեան բազմակողմանի հարթութեամբ համագործակցութեան մէջ` կը նախատեսէ այս տարի Երեւանի մէջ կայացնել քանի մը նախաձեռնութիւններ արդարադատութեան, երիտասարդական եւ կրթական փոխանակումներու մարզերուն մէջ:

Էդուարդ Նալբանդեան կարեւոր նկատեց Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած մուտքի արտօնագրային դրութեան դիւրացման համաձայնագիրը եւ այցեգիրի դրութեան ազատականացման հոլովոյթին սկիզբը:

Նալբանդեան վերահաստատեց Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներու երրորդ ոչ պաշտօնական հանդիպումը յառաջիկայ սեպտեմբերին Երեւանի մէջ կայացնելու պատրաստակամութիւնը:

Հանդիմպան աւարտին տեղի ունեցաւ համաժողովի մասնակիցներուն միացեալ մամլոյ ասուլիսը:

Հայաստանի Եւ Վրաստանի Արտաքին
Գործոց
Նախարարներուն Հանդիպումը

11 փետրուարին սկսաւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Վրաստան այցելութիւնը:

Նոյն օրը տեղի ունեցան նախարար Նալբանդեանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէի բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին շարունակուեցաւ ամիս մը առաջ Երեւանի մէջ սկսած երկխօսութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ ընդլայնման վերաբերեալ:

Հայ-վրացական յարաբերութիւններուն բնորոշ ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին յունուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլիի եւ երկու երկիրներու վարչապետերու բանակցութիւններուն ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն իրականացման ընթացքը:

Նախարարները անդրադարձան հայ-վրացական օրակարգային հարցերուն եւ անոնց լուծման նպատակով ձեռնարկուող միացեալ քայլերուն: Իբրեւ քաղաքական երկխօսութեան արդիւնաւէտ ձեւաչափ` Նալբանդեան եւ Փանճիքիծէ կարեւոր նկատեցին վերջին տարիներուն ձեւաւորուած երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն պարբերական հանդիպումներուն աւանդութեան պահպանումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )