Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւները` 5 Մայիսին

Հայաստանի կառավարութիւնը իր երէկուան նիստին ընթացքին որոշում տուաւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները նշանակել 5 մայիսին եւ այդ ընտրութիւնները կատարելու համար Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին յատկացնել 65 միլիոն դրամ:

Մայրաքաղաք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները կը կատարուին չորս տարին անգամ մը: Նախորդ ընտրութիւնները տեղի ունեցան 31 մայիս 2009-ին: Այդ ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք Երեւանի աւագանիին մէջ ձեւաւորուեցան երեք խմբակցութիւններ` Հանրապետական կուսակցութեան, որուն ներկայիս կը պատկանին 65 աթոռներէն 35-ը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութիւնը` 17 աթոռներով, Հայ ազգային քոնկրեսը` 13 աթոռներով:

Երեւանի քաղաքապետը կ՛ընտրուի աւագանիին կողմէ, եւ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան կը ներկայացնէ աւագանիին մէջ մեծամասնութիւն կազմող ուժը` Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )