Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծին Մէջ Անհրաժեշտ Փոփոխութիւններ Չեն Կատարուած

ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Հրաչ Վարժապետեան յայտնեց, որ «Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին» նոր օրինագիծին մէջ, որ ներկայացուած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի քննարկման, փոփոխութիւններ չեն մտցուած, ինչ որ հիմք կը հանդիսանայ, որ երկրին Սահմանադրական խորհուրդը զայն կրկին հակասահմանադրական նկատէ:

Նոր օրինագիծին հեղինակը կրկին Միութիւն յանուն ժողովրդական շարժման կուսակցութեան երեսփոխան Վալերի Պուայէն է, որ նախորդ տարի նմանատիպ օրինագիծ մը նախաձեռնած էր: Օրինագիծը նախկինին նման մէկ տարուան բանտարկութիւն եւ 45 հազար եւրօ տուգանք կը նախատեսէ ցեղասպանութիւնները, որոնց շարքին նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւն հերքելու համար:

Ըստ Վարժապետեանի, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ խոստացած է, որ երկրին կառավարութիւնը նոր օրինագիծ պիտի մշակէ «Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին» եւ պիտի ներկայացնէ Ազգային ժողովի քննարկման: «Մենք կը սպասենք խոստումին կատարման», յայտնեց Վարժապետեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )