«Սուտեր Տարածելը Օրինաչափ Է Այն Պետութեան Նախարարին Համար, Որ Կ՛առաջնորդուի Քարանձաւային Մտածելակերպով» Կ՛ըսէ Շաւարշ Քոչարեան

Panarmenian.net լրատուական կայքէջի թղթակիցին խնդրանքով` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան մեկնաբանեց Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի ՄԱԿ-ի մէջ արտասանած խօսքին ղարաբաղեան տագնապին վերաբերող դրոյթները:

Շաւարշ Քոչարեան յայտնեց, որ Մամետեարովի խօսքէն անմիջապէս ետք` Հայաստան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին իր արձագանգը տուած է արտասանուած բացայայտ սուտերուն: Ըստ Քոչարեանի, այս տեսակի սուտեր տարածելը, սակայն, օրինաչափ է այն պետութեան արտաքին գործոց նախարարին համար, որ թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին քաղաքական կեանքին մէջ կ՛առաջնորդուի քարանձաւային մտածելակերպով:

«Պետութիւն մը, ուր ամբողջ ազգ մը կը յայտարարուի երկրին թիւ մէկ թշնամի, պետութիւն մը, որ քնացած մարդուն գիշերը կացինահարած ստահակը կը հերոսացուի, պետութիւն մը, որ վաստակաշատ գրողին ականջը կտրելու համար մեծ պարգեւ կը նշանակէ, իսկ երկրին արտաքին գործոց նախարարը ատիկա կը կոչէ քննարկումներու եւ խօսքի ազատութեան ապացոյց, պետութիւն մը, որ պաշտօնեայի մը կողմէ կատարուած կաշառակերութիւնը կը հիմնաւորէ անոր մեծ մօր հայ ըլլալուն հանգամանքով եւ պահանջ կը ներկայացուի, որ երկրին բոլոր պաշտօնեաները զտարիւն ազրպէյճանցի ըլլան…

Պաքուի այդպիսի քարանձաւային ֆաշականութեան դրսեւորումները սկսած ճիշդ 25 տարի առաջ Սումկայիթի մէջ իրականացուած հայ խաղաղ բնակչութեան ջարդերէն կարելի է անվերջ թուարկել: Այդ շարքին մէջ կը մտնէ նաեւ սեփական ժողովուրդի սպանդը Խոջալուի մէջ», ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )