Ինչպէ՞u Կը Կազմուի Համի Զգացումը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մենք մեծ հաճոյքով մեր բերանը կը դնենք տուրմով կարկանդակի կտոր մը կամ կ՛ուտենք պնակ մը սփակէթթի: Ուտելու ընթացքին մենք հաճոյք կը զգանք համի զգայարանին շնորհիւ:
Համը այն զգայարանն է, որ մեզի կարողութիւն կու տայ ճանչնալու մեր ուտելիքներուն քիմիական բաղադրութիւնը: Այս բաղադրութեան նիւթերը պզտիկ մասնիկներ են: Անոնք մեր բերանին մէջ կը տարածուին եւ մեր ուղեղին տեղեկութիւններ կը ղրկեն. իր կարգին, ուղեղը մեզի կարողութիւն կու տայ ճանչնալու ուտելիքները եւ զանոնք սիրելու կամ ոչ:
Հոտառութիւնն ալ շատ կարեւոր դեր ունի: Ան կարելիութիւն կու տայ, որ երբ մեր լեզուով այդ մասնիկներու համը առնենք, նոյն ատեն մեր քիթով անոնց հոտը եւս առնենք: Եթէ փորձես բան մը ուտել քիթդ գոցելով, պիտի անդրադառնաս, թէ ան նոյն համը չունի:
Համին շնորհիւ է, որ մենք կրնանք գիտնալ եթէ բան մը կ՛ուտուի թէ ոչ: Հետեւաբար ան սքանչելի կարողութիւն մըն է, զոր ունի մարդ արարածը: Եթէ մարդիկ չունենային համը «զգալու» կարողութիւն, անոնք պիտի չկարենային խուսափիլ թունաւոր ուտելիքներէ եւ պիտի չկարենային գոյատեւել:
Ինչո՞ւ գոյութիւն ունին ուտելիքներ, զոր մենք կը սիրենք, եւ ուրիշներ` ոչ
Որովհետեւ երբ մենք ուտելիք մը կը համտեսենք, ասիկա մեզի հաճոյք կը պատճառէ: Առաւել, մեր յիշողութիւնը կ՛արձանագրէ մեր ապրածը: Օրինակ, եթէ առաջին անգամ ըլլալով շոմին կերած ատեննիս շատ հանգիստ չէինք զգար, կամ տան մէջ մթնոլորտը շատ հաճելի չէր, ուրեմն մեր յիշողութիւնը այս մէկը արձանագրած կ՛ըլլայ եւ շոմինը կապած գէշ զգացումի մը հետ, ուրեմն մենք այդ յատուկ ուտելիքը չենք սիրեր:
Սակայն բարեբախտաբար ասիկա վերջնական չէ: Կրնայ ըլլալ, որ մենք դարձեալ շոմին ուտելու առիթը ունենանք աւելի հաճելի մթնոլորտի մը մէջ եւ շատ սիրենք զայն:
Ինչո՞ւ բոլորս նոյն ճաշակը չունինք
Որովհետեւ բոլորս իրարմէ տարբեր ենք: Մեր լեզուին վրայ գտնուող համի բջիջները անձէ անձ կը տարբերին: Իբրեւ արդիւնք, բանի մը համը ճիշդ նոյն ձեւով չի փոխանցուիր եւ չ՛ընդունուիր բոլորին կողմէ:
Այս գծով փորձեր կատարուած են: Սեղանի մը վրայ կը դրուին ուտելիքի նմուշներ, եւ բազմաթիւ անձերէ կը խնդրուի խմբել այն ուտելիքները, որոնց համը իրարու կը նմանի: Փորձին մասնակցող անձերէն ոչ մէկը նոյն խումբերը կը կազմէ…
Ասոր կողքին, համը կախեալ է նաեւ դաստիարակութենէն եւ մշակութային շրջապատէն: Օրինակի համար, մեր ընկերութեան մէջ միջատներ ուտելը շատ գարշելի բան մըն է: Մեր փոքրիկ տարիքէն մենք կը սորվինք, թէ ասիկա գէշ բան մըն է եւ չ՛ուտուիր: Սակայն, անիկա շատ փնտռուած ուտելիք մըն է ուրիշ մշակոյթ ունեցող կարգ մը ժողովուրդներուն կողմէ:
Ինչո՞ւ փոքրերը կը նախընտրեն տապկուած գետնախնձոր
եւ խմորեղէններ, եւ ոչ կարգ մը տեսակի բանջարեղէններ
Ճիշդ է, որ կարգ մը ուտելիքներ շատ աւելի դիւրութեամբ կը սիրուին, քան` ուրիշներ: Մանուկները յատկապէս կը սիրեն կշտացնող ուտելիքները: Որովհետեւ անօթի մնալը կը խանգարէ զանոնք: Եթէ յատուկ բան մը ուտելով անոնք անմիջապէս աւելի լաւ կը զգան, անոնք աւելի դիւրութեամբ պիտի սիրեն այդ ուտելիքը: Այս պատճառով է, որ տապկուած գետնախնձորը կամ խմորեղէնները, ինչպէս` սփակէթթին, մաս կը կազմեն անոնց նախասիրած ուտելիքներուն:
Փաստուած է նաեւ, որ շաքարոտ համը բոլորին կողմէ սիրուած համ մըն է: Ասոր բացատրութիւններէն մէկը այն է, թէ առաջին համը, որուն մենք կը ծանօթանանք, մօրը կաթին համը, որ շաքարոտ է, ուստի անիկա արդէն սիրուած կ՛ըլլայ:
Կարելի՞ է սորվիլ համին մասին
Այո՛: Մեր ծնած պահէն արդէն մենք կը սիրենք մօր կաթը: Ասիկա նոյնն է բոլոր ստնաւորներուն պարագային: Ապա, կամաց-կամաց մենք կը ծանօթանանք նոր ուտելիքներու, որոնք պիտի կազմեն մեր «սնունդի ցուցակ»-ը:
Իւրաքանչիւր նոր ուտելիք կրնայ սկիզբը խրտչեցնել եւ մերժում յառաջացնել մանուկին մօտ: Յաճախ երեխայ մը չ՛ուզեր բան մը համտեսել. անոր ծնողքը ինքնաբերաբար հարց կու տայ, թէ ան ինչպէս գիտէ տուեալ բանը չսիրերը, երբ տակաւին չէ համտեսած զայն: Երեխան իրաւունք ունի կասկածոտ ըլլալու. ասիկա անոր համար պաշտպանուելու ձեւ մըն է: Դաստիարակներուն եւ ծնողներուն դերն է համբերատար եւ ներողամիտ ըլլալ` երեխաներ օգնելու նոր ուտելիքներու ծանօթանալու:
Անհաւատալի Բայց Իրաւ
- Ձին բնաւ չի շնչեր, միայն հազուագիւտօրէն, ստիպողական պարագաներու:
- Գոյութիւն ունի ծովամայրի տեսակ մը, որ ունի աչքեր, սակայն չունի ուղեղ:
- Անթարքթիքի մէջ ամրան որոշ շրջան մը 24 ժամ անդադար լուսաւոր կ՛ըլլայ:
- Մեր ձեռքերուն մէջ կը գտնուին մեր մարմնին ոսկորներուն 26 առ հարիւրը: Իւրաքանչիւր ձեռքի մէջ գոյութիւն ունի 27 ոսկոր` դաստակն ալ հաշուելով:
Ռուսական հանրային վաճառատուներուն (սուփըրմարքէթներուն) մէջ կարելի է գտնել քավիարի համով չիփս գետնախնձորներ:
- Աղջիկները տղոցմէ երկու անգամ աւելի հեռաձայնային կարճ նամակներ կը ղրկեն եւ կը ստանան:
- Ֆրիզպիի սկաւառակը սկիզբը անուանուած էր Փլութօ Փլաթըր:
- Եթէ անջրպետանաւ մը կարելիութիւնը ունենար դէպի արեւ ճամբորդելու, ան մօտաւորապէս 220 օրէն հոն պիտի հասնէր:
- Թռչունի մը կողմէ կատարած ամէնէն երկար անդադար թռիչքը ութ օր է:
- Լոյսը հազարաւոր տարիներու կը կարօտի արեւուն կեդրոնէն մինչեւ անոր մակերեսը հասնելու համար:
- Կ՛ըսուի, թէ Փերուի մայրաքաղաք Լիմայի մէջ գոյութիւն ունի կամուրջ մը, որուն բաժինները իրարու փակցուած են հաւկիթի ճերմկուցով:
- Լոնտոնի մէջ, ժամանակին, ջայլամի փետուրները իրենց կշիռին երկու անգամը ոսկի կ՛արժէին:
- Փայտփոր մը կրնայ ծառ մը կտուցով զարնել մինչեւ 30 անգամ` մէկ երկվայրկեանի ընթացքին:
Խոհագիր
Մածունով Կարկանդակ
Այս կարկանդակը սիրուած անուշեղէն մըն է Պալքանեան երկիրներուն մէջ, ուր ան կ՛ուտուի պարզ կամ վրան մանրուած պիստակ ցանուած:
Պէտք ունիս
Թէյի գաւաթ մը մածուն, 1 հաւկիթ, 250 կրամ փոշի շաքար, կէս լեմոն, 30 կրամ հալած կարագ, 150 կրամ ալիւր, մէկ թէյի դգալ (ոչ լեցուն) պէյքինկ փաուտըր, 100 կրամ շաքար:
Պատրաստութիւն
1.- Խորունկ ամանի մը մէջ խառնէ մածունը, հաւկիթը եւ փոշի շաքարը:
2.- Լեմոնին կեղեւը գործիքով տաշէ եւ տաշուքը պարպէ խառնուրդին վրայ:
3.- Խառնուրդին վրայ աւելցուր հալած կարագը, ալիւրը եւ պէյքինկ փաուտըրը` միշտ խառնելով:
4.- Լաւապէս խառնէ:
5.- Քէյքի ափսէի մը վրայ կարագ քսէ եւ քիչ մը ալիւր սրսկէ:
6.- Խառնուրդը պարպէ ափսէին մէջ եւ 160 աստիճան տաքութեամբ փուռին մէջ եփէ 45 վայրկեան:
7.- Եփելը վերջանալէն 15 վայրկեան առաջ, սանի մը մէջ դիր շաքարը, կէս լեմոնին հիւթը ու 3 ապուրի դգալ ջուր եւ խառնուրդը եռացուր: Ձգէ, որ ան քիչ մը թեթեւօրէն եռայ առանց սակայն գոյնը փոխելու:
8.- Երբ կարկանդակը եփի, այս հեղուկը վրան պարպէ. սպասէ, որ պաղի, ապա զայն ափսէին մէջէն հանէ:
Ժամանց