Կարմիր Վարդանի Յիշատակի Տօնախմբութիւնը Ս. Խաչ – Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ
Աւարայրի ճակատամարտը անկիւնադարձային դէպք մը եղած է հայութեան համար, որովհետեւ հայոց պետութիւնը եւ բանակը ընդդիմանալով հաւատափոխութեան ծրագրին դէմ եւ պայքարելով ու նահատակներ տալով ի սէր ազգութեան ու քրիստոնէութեան` կերտած են հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքը:
Այսպիսի ճակատագրական ճակատամարտի մը դիւցազներգութիւնը կը կատարուի եւ յիշատակը կը նշուի ամէն տարի` հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, զանազան բնոյթի ձեռնարկներով:
Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը Վարդանանց տօնը յիշատակեց չորեքշաբթի, 6 փետրուար 2013-ին: Առաւօտեան պատարագը մատուցեց Վարդան վրդ. Գազանճեան, որ իր քարոզին մէջ լուսարձակի տակ առաւ Վարդանանց քաջերու վեհութիւնը եւ խրախուսեց աշակերտները` անոնց ոգիով ներշնչուելու եւ ըլլալու պարկեշտ քրիստոնեայ հայ աշակերտներ: Օրուան զբօսանքներուն ընթացքին բակին մէջ հնչեցին վարդանաշունչ երգեր, իսկ օրուան վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ այս առիթով կազմակերպուած յայտագիր մը, որուն առաջին բաժնով մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի աշակերտները արտասանութեամբ ներկայացուցին Քաջ Վարդանի նուիրուած տաղեր: Անոնց յաջորդեց վարժարանի երգչախումբին կատարողութիւնը` «Մենք Քաջ Վարդանի տոհմէն ենք» եւ «Վարդանի սուրբ արիւնի ժառանգներն ենք» երգերը:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան պատգամախօսը` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ըսաւ. «Եթէ Վարդանանց ճակատամարտի օրը չըլլար, այսօր հայերն ու Հայաստանը չէին ըլլար: Վարդան Մամիկոնեան սպարապետը եւ իր ընկերները պարզ մարդիկ չեն մեզի համար, այլ սուրբեր են, իրական քաջեր եւ հերոսներ, որոնք կը յիշուին դարէ դար»: Յ. Հաւաթեան շեշտը դնելով հայկական վարժարան յաճախելու հրամայականին վրայ` ըսաւ. «Վարդաններ մեռան, որ մենք հայ մնանք, հայ ապրինք, հայերէն խօսինք ու հայկական դպրոց յաճախենք, մինչ այսօր շատ աշակերտներ զրկուած են հայկական կրթօճախի ջերմութենէն»: Ան պատգամեց ըլլալ օրինակելի հայեր, սիրել հայ լեզուն եւ պատմութիւնը, հպարտանալ անոնցմով եւ հայ գիրքը դարձնել մեր մտերիմ բարեկամը: Ան նաեւ մղեց աշակերտները` գիտակցելու հայկական արժէքներուն եւ անմնացորդ կերպով ծառայելու հայ ազգին: Բանախօսը իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Սիրեցէք նաեւ ձեր բնակած երկիրը, թէեւ ժամանակաւորապէս կ՛ապրինք հոս, քանի որ մենք ունինք մեծ Դատ մը, եւ երբ ժամը հնչէ, մենք` Վարդանի ոգիով ներշնչուած, տէր պիտի կանգնինք մեր արժանապատուութեան եւ իրաւունքներուն, որուն առաջին զինուորները պիտի ըլլաք դուք»:
«Մայրն ու որդին», «Վարդանի ճառը եւ կաթողիկոսին օրհնութիւնը» եւ «Վարդանական» ներկայացումները աշակերտները պահ մը փոխադրեցին «պատերազմի դաշտ», եւ անոնք առինքնուեցան քաջ սպարապետին եւ անոր հզօր բանակին ցուցաբերած արիութեամբ եւ կրօնի ու հայրենիքի սիրոյն ապրելու եւ մեռնելու վճռակամութեամբ: Այս բոլորը ներկաներուն մօտ յառաջացուց մէկ գլխաւոր միտք, թէ, կ՛արժէ պայքարիլ հայ մնալու համար:
Գեղարուեստական բաժնի վերջին մասով հանդէս եկաւ վարժարանին պարախումբը, որ Վարդանանց ձօնուած երգերու երաժշտութեան մը կշռոյթին վրայ աշակերտներուն հրամցուց տպաւորիչ պար մը:
Հուսկ բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ օրուան պատգամաբերին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ըսաւ, թէ` «մենք այսօր հայ ենք եւ հայ վարժարանի մէջ ենք` շնորհիւ Վարդան սպարապետին տարած յաղթանակին: Թէեւ պատերազմի դաշտին վրայ պարտուեցանք, բայց պարտութիւնը թարգմանուեցաւ յաղթանակով»: Ան նշեց. «Վարդան Մամիկոնեան հայրենասէր մըն էր, ազգասէր մը, աստուածասէր մը, որ ունէր տեսիլք ու երազ, եւ մենք միեւնոյն տեսիլքով պիտի ընթանանք` պահելով մեր այբուբենը, լեզուն, հայկականութիւնը եւ արժանի ըլլանք մեզի ընծայուած յաղթանակին»:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ – ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

