Աթլեթիզմ. Եւրոպայի Ձմեռնային Ախոյեանութեան Կը Մասնակցին Արսէն Սարգսեան Եւ Ամալիա Շառոյեան

Հայկական լրատուական աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականը ներկայիս Թեհրանի մէջ կը մասնակցի միջազգային մրցաշարքի մը, որ նուիրուած է 1979-ի իրանեան յեղափոխութեան:

Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Միշա Հայրապետեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ մասնակցող 13 երկիրներուն կարգին է Հայաստան, որ անոր կը մասնակցի 15 մարզիկով եւ 3 մարզիչով, խումբին մէջ են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն մարզիկներ:

Իր խօսքին մէջ Հայրապետեան ըսաւ. «ԿԸ կարծեմ, որ ակնկալիքները բաւական մեծ են, որովհետեւ բոլոր մարզիկներն ալ Հայաստանի ախոյեաններն են: 23 փետրուարին Հայաստանի հաւաքականը շուրջ 26 մարզիկով պիտի մասնակցի Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք պալքանեան երկիրներու ձմեռնային ախոյեանութեան:

Մարտ ամսուան սկիզբը գերմանական Կէօթընպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ձմեռնային ախոյեանութեան պիտի մասնակցին երկու մարզիկներ: Անոնք են` Արսէն Սարգսեան (մէկ քայլ ոստում) եւ Ամալիա Շառոյեան (400 մեթր վազք): Այս տարուան մեր յայտագիրը պիտի ըլլայ քիչ մը խճողուած: Յառաջիկայ ամիսներուն եւս քանի մը կարեւոր մրցաշարքեր կան: Մեր ամէն կարելին պիտի ընենք լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար»:

Share this Article
CATEGORIES