Դահուկարշաւ. Հայաստան 5 Մարզիկով Կը Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը յայտնեց, որ Հայաստան 5 մարզիկով կը մասնակցի երէկ Աւստրիոյ մէջ սկսած դահուկարշաւի աշխարհի ախոյեանութեան:
Անոնք են` Արսէն Ներսիսեան, Արսէն Ղազարեան, Դաւիթ Խաչատրեան, Եուրա Մանուկեան եւ Տաթեւիկ Մուրատեան:
Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի պատասխանատու-քարտուղար Գագիկ Սարգսեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ այս ամսուան սկիզբէն Հայաստանի դահուկորդները Աւստրիոյ մէջ հաւաք կը կատարէին` պատրաստուելու համար այս ախոյեանութեան:
Նշենք, որ այս շրջանին 8 հայ դահուկորդներ Իտալիոյ մէջ պիտի մասնակցին այլ աշխարհի ախոյեանութեան մը:
CATEGORIES Մարզական