Պօղոս Սնապեանի Հետ («Բագին»ի քառասուն տարիներու վաստակին իրաւունքով)
«Բագին»ի 50 տարիները խմբագիրներուն, աշխատակիցներուն եւ ընթերցողներուն հետ յիշատակներ կ՛արթնցնեն դէմքերու եւ դէպքերու մասին: Անմիջապէս ի՞նչ կը ներկայանայ ձեր յիշողութեան պաստառին վրայ:
ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ.- Ինչպէս քանիցս հաստատուած է, Սփիւռքի առաջին տասնամեակներուն այնքան հարուստ բովանդակութեամբ գրական հրապարակին կը տիրապետէր Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագիրը, որ 60ական թուականներու սկիզբը յոգնութեան նշաններ ցոյց կու տար, Պէյրութի «Ակօս» հանդէսը իր կարգին դադրած էր ձգողական ըլլալէ, Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթը մեծ մասով հեռացած էր գրականութենէն ու դարձած կուսակցական, ազգային ու եկեղեցական պայքարներու կրկէս մը: Այս փաստական իրականութեան ընթացքին, Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծագործող միջին տարիքի եւ երեսունի շուրջ դեգերող գրողները կ՛ապրէին այս կացութենէն դուրս գալու ալեկոծ տագնապ մը ու կը զգային զուտ գրական բովանդակութեամբ ամսագիրի մը պահանջը եւ այդ երազին համար անոնք իրարու հետ տեւաբար խորհրդակցելէ ետք, կարծիքներու փոխանակութիւն կ՛ունենային նաեւ ազգային ու կուսակցական պաշտօններու վրայ գտնուող պատասխանատու դէմքերու հետ: Այդ երազին լայն ժամանակ տրամադրեց ու յարաբերութիւն մշակեց մա՛նաւանդ Եդուարդ Պօյաճեան: Փայփայուած նոյն բաղձանքը հասաւ նաեւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 16րդ Ընդհանուր Ժողովին, ուր ընտրեալ պատգամաւորները իրենք եւս զգալով նման բեմի անհրաժեշտութիւնը, որոշեցին ընթացք տալ գործին, որուն կազմակերպութիւնը վստահուեցաւ Կարօ Սասունիին: Տարբեր գրողներու հետ շարք մը հանդիպումներէ ետք, Կարօ Սասունի իբրեւ գործօն խմբագիրներ նշանակեց Եդուարդ Պօյաճեանը եւ Պօղոս Սնապեանը, որոնց հետ միաժամանակ առաջացուց նաեւ խմբագրական կազմ մը, յանձինս Բ. Փափազեանի, Վ. Օշականի, Յ. Գեղարդի եւ Տ. Ոսկունիի: Այս պայմաններուն մէջ եւ այս ուժերով սկսաւ «Բագին», որուն առաջին թիւը լոյս տեսաւ 1962 Յունուարին: Շարքին մէջ երբեք պիտի չմոռնաք Մ. Իշխանը, Ա. Նուրեանը, Ժ. Աթթարեանը, Մելքոն Էպլիղաթեանը եւ Նուպար ու Արաքսի Չարխուտեանները, որոնք սերտ բարեկամներ էին «Բագին»ին եւ որոնց գրութիւնները անպակաս եղան անոր էջերէն:
«Յիշողութեանս պաստառը» լի է յիշեալներուն ու հեռուներէն նոյն խանդավառութիւնը ապրող ու աշխատակցութիւնները խոստացած գրողներուն կապուած թանկ յուշերով: Գեղեցիկ գործի մը սկիզբէն բխած ոգեւորութեան ուղղակիօրէն մաս կը կազմէին ընթերցող ծանօթ խաւի մը հետ նաեւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան վերին մարմինին անդամներէն Կարօ Սասունիի կողքին նաեւ Երուանդ Խաթանասեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Արամ Սահակեան:
«Բ.».- Անցնելով ուսուցչութենէ, «Միջնաբերդ» գրական տարեգիրքի խմբագրութենէն, իր ուժերու լիութեան մէջ գտնուող Պօղոս Սնապեանը ինքզինք գտաւ Սփիւռքի գրական-իմացական բեմը ըլլալու կոչուած «Բագին»ի խմբագիրի դերին մէջ, երբ դեռ կային գրական կիրք ունեցողներ եւ հայ գիրի եւ գրականութեան անփոխարինելի ուժին հաւատացողներ: Այդ օրերու պատկերը եթէ տաք, նորերուն օգտակար կ՛ըլլայ:
Պ. Ս.- Անգամ մը առիթ եղած է «Ազդակ» օրաթերթի մէջ անդրադառնալու այն մասին, որ Պօղոս Սնապեան «Բագին»ի գոյառման խմորումին մէջ բնաւ բաժին չունի: Մտերիմներու շրջանակներուն ծանօթ է, որ ան այդ տարիներուն իբրեւ անընդունելի անուն, ի միջի այլոց կը հետեւէր ամսագիր մը ունենալու տագնապը զօրութեամբ ապրողներուն ու յաճախ կը բացակայէր խորհրդակցական հանդիպումներէն: Ատիկա պատճառ մը չեղաւ սակայն, որ ուրիշ դէմքերու փորձերէն ետք, իրեն եւս առաջարկուեցաւ գրել հանգանակը, որ ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ ու լոյս տեսաւ առանց բառ մը փոխելու: Աւելցնել պէտք է, որ «Միջնաբերդ» տարեգիրքի երկրորդ հատորին բաժիններուն հետեւողութեամբ կատարուեցաւ նաեւ «Բագին»ի բաժիններուն տնտեսութիւնը ու ճշդուեցան բաժիններուն պատասխանատուները:
Պատմութեան համար ուրուագրուած այս տեղեկութիւններուն կարգին, նկատած պէտք է ըլլաք, որ «Բագին» սերունդի մը հանդէսը չեղաւ, այլ դարձաւ երեք ու աւելի սերունդներ հիւրընկալող հանդէսը: Պայմանականօրէն ըսած, Կարօ Սասունիի սերունդը, Եդուարդ Պօյաճեանի սերունդը եւ Վահէ Օշականի սերունդը միաժամանակ զինուորագրուեցան այդ երազին կենսագործման: Ասոնց հետ, բոլորովին նորեր առաջին օրէն ստորագրութիւն ունեցան հոն:
Մինչեւ հոս, յիշեցինք միայն Լիբանան ապրող գրողները, բայց պիտի չմոռնանք, որ Սփիւռքի համարեա՛ բոլոր գրողները նոյն խանդավառութեամբ ողջունեցին «Բագին»ի ծնունդը, առաջին օրէն ու հետագային նոյն ոգեւորութեամբ աշխատակցելով անոր, ինչպէս Համաստեղ, Արամ Հայկազ, Յակոբ Կարապենց, Գուրգէն Մխիթարեան, Ա. Արփինէ, Վարդան Գէորգեան, Յովհաննէս Տէվէճեան, Մկրտիչ Հաճեան, Նշան Պէշիկթաշլեան, Նիկողոս Սարաֆեան, Հրաչ Զարդարեան, Զարեհ Որբունի, Արսէն Երկաթ, Սարգիս Սահակեան, Բենիամին Թաշեան, Բիւզանդ Կռանեան, Արամ Գառօնէ, Արմանտ, Հայկ Յովսէփեան, Զօրիկ Միրզոյեան, Լեւոն Գարմէն:
Յիշեալ դէմքերը հողին դարձած են այսօր, որոնց շարքին պիտի չմոռնանք յիշել նաեւ իրենց սկիզբը հոն ըրած ու տարիներու վրայ շարունակած չորս-հինգ ուրիշներ, արձակագիր ու բանաստեղծ, որոնք առաջին ամիսներէն սկսեալ «Բագին»ի մէջ ստորագրութիւն ունեցան,- Պետրոս Հաճեան, Գէորգ Աբելեան, Զուլալ Գազանճեան, Յարութիւն Ձորեցի, Սարգիս Սարգիսեան եւ աւելի ուշ հանդէս եկած եւ աւելի երիտասարդ բանաստեղծներ Էմմա Գառօնէ, Պետրոս Հերեան եւ Կորիւն Շահինեան, որոնք իրենց լոյս ընծայած առանձին շարքերուն եւ երկու-երեք գիրքերուն հետ, աճման տարերքներ մատնեցին, բայց ճակատագիրը անողոք գտնուեցաւ նաեւ իրենց հանդէպ:
«Բ.».- Ի հարկէ, գրողը կամ խմբագիրը, կեանքի եւ իրականութեան վրայ իր հայեացքը կ՛ունենայ: Պօղոս Սնապեան ինչպէ՞ս սահմանեց իր դերը, որո՞նք եղան այն ուղղութիւնները, զորս ինք շեշտեց եւ ինչպէ՞ս ընկալուեցան իր որդեգրած ուղղութիւնները:
Պ. Ս.- Մինչեւ 1966 թուականը, խմբագրական գործը միասին տարին Եդուարդ Պօյաճեան եւ Պօղոս Սնապեան, ստեղծագործական էջերուն առընթեր, քննադատական տարբեր բնոյթի էջեր ստորագրելով: Եդուարդ Պօյաճեանի մահէն (1966) ետք, գրողներու հետ կապ պահելու գործը, գրութիւններուն ընտրութիւնները, քննադատական նշմարներուն հետեւողականութիւնը, վերջապէս ընթացիկ թիւերուն թէ բացառիկներուն ծրագիրները կազմելու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ ամսագիրին ուղղութեան սրութիւնը պահելու աչալրջութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ ծանրացաւ Պօղոս Սնապեանի ուսերուն: Հանրային նման գործերը, բնական է, համակիրներու հետ հակառակորդներ, նոյնիսկ թշնամիներ եւս պիտի ունենային եւ ունեցան, թշնամիներու պարագային, նախկին «հայաստանասէր»ներուն հետ անպակաս եղան, մա՛նաւանդ կային Հայաստանի պաշտօնական «կարմրաշառայլներ»ուն պարբերական խաչակրութիւնները: Մենք, բոլոր պարագաներուն, ճիգ չխնայեցինք հաւատարիմ մնալ մեր հիմնական սկզբունքին, որ լայնախոհութիւնն էր ու լայնախոհութիւնը մնաց: Նկատած պէտք է ըլլաք, որ մեր առաջին թիւէն սկսեալ հոն ստորագրութիւն ունեցան նոյնիսկ գաղափարական մեր հակառակորդները, նոյնիսկ կուսակցութենէն հեռացածները, ա՛նգամ հեռացուածները: Պատասխանատու մարմիններուն ու խմբագրութեան համար կարեւորը ենթակային գրական պատրաստութիւնն էր, անկեղծութիւնը, մասնաւորաբար բիւրեղացուցած հիմնաւոր տեսութիւնը, առաւել` լեզուին փայլը կամ ոճին լոյսը: Կը կարծեմ, որ հետեւողականօրէն տէր մնացինք այս սկզբունքներուն, որոնց անդրադարձը, կը կարծենք, որոշապէս դրական եղաւ թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի գրականութեան համար: «Հայաստանի գրականութեան համար»ը կրնայ չափազանցութիւն թուիլ եւ գրգռել ծանօթ թէ թաքուն բանսարկուներուն եռանդը, բայց ասոնց քրթմնջոցները եւ ամլութենէ բխած մարտական տուայտանքները հաշուի չեն կրնար առնուիլ, երբ ունինք տաղանդաւոր ու հանգամանաւոր դէմքերուն վկայութիւնները, որոնք երեւցան «Բագին»ի 40ամեակին առիթով, հանդէսին 2003 թուականի առաջին համարի էջերուն: Մշակութային ու գրական պաշտօնական մարմիններուն կարգին` ընթերցողը, անմնացորդ գնահատականներու տակ, հոն պիտի հանդիպի բանաստեղծական, վիպական ու քննադատական աւելի քան 15 շողշողուն դէմքերու ստորագրութեանց:
«Բ.».- Հայ մարդուն, հայ գրողին, մտաւորականին վերաբերումները պարզ չէին կրնար ըլալ: Դրական երեւոյթներու կողքին կային բացասականութիւններ, որոնց նշումը, ի հարկին քննադատութիւնը, տարբեր ձեւերով կը մեկնաբանուէին: Նախանձախնդիր խմբագիրը ինչպէ՞ս կը դիտուէր Հայաստանի կողմէ, եւ ինք այսօր ինչպէ՞ս կը գնահատէ իր անցած ճամբան:
Պ. Ս.- Հակառակ խրուշչեւեան ձիւնհալէն առաջացած որոշ շնչառութեան, կուսակցական ճնշումը կը շարունակէր տիրապետել, մեր ըմբռնումներուն բոլորովին անհաշտ սաստկութեամբ ու յաճախականութեամբ: Գրականութիւնը ոչ թէ ըստ ինքեան արժէք կը համարուէր հոն, այլ կը դիտուէր ու կը գնահատուէր համայնավար կուսակցութեան քարոզչութեան բերած իր նպաստներուն արժեչափերով: Անխառն գրականութեան ծառայելու կոչումով հանդէս եկած «Բագին» բնականօրէն դիրքորոշուած էր այդ ըմբռնումին դէմ եւ իր ուժերուն ներած չափով մէկ կողմէ ցոյց կու տար ձգտումնաւոր գրականութեան անհեթեթութիւնը եւ, միւս կողմէ` կը պաշտպանէր հայրենի մեր գրողներուն ազատութեան իրաւունքը: «Յուսաբեր» օրաթերթին մէջ, կարծեմ Բենիամին Թաշեանի գրիչով կարդացած էինք ու իւրացուցած սա բիւրեղացած բանաձեւը, ըստ որուն` հայրենի տեսաբաններէն կը պահանջուէր ոչ թէ գրականութիւնը կուսակցականացնել, այլ կուսակցականութիւնը գրականացնել: «Բագին» մօտաւորապէս նոյն չափանիշով ու պահանջով կը մօտենար հայրենի գրողներուն ու կ՛արձանագրէր իր գնահատականները:
Ազատութեան վերանուաճման տարիներուն կարելի եղաւ թէ՛ առանձին գրութիւններու մէջ կարդալ թէ ուղղակի խոստովանութիւններ լսել այդ մասին: Ստացուած կարծիքները կը հաստատեն, որ ապարդիւն չէր եղած ստեղծագործական իրենց ազատութիւնը պաշտպանելու մեր հետեւողական պայքարը: Այս մարզին մէջ դրական դեր մը կատարած է «Բագին»ը, որուն համար կրնաք միայն ամէնքով ուրախ ըլլալ:
«Բ.».- «Բագին»ի այդ տարիներուն կային հաւատաւոր եւ լիարժէք գրողներ, երէց եւ երիտասարդ, որոնք հայերէն գիտէին եւ հայու իրաւութենէ կու գային: Նաեւ նորեր յայտնաբերուեցան: Որո՞նք իրապէս եղան ժառանգորդ եւ շարունակող: Միւսնե՞րը:
Պ. Ս.- Ցարդ անունով-մականունով յիշուեցան միայն այն աշխատակիցներն ու խմբագիրները, որոնք մեծ կամ փոքր չափի նպաստներ բերելով «Բագին»ին, անցան կեանքէն, իսկ հողին դարձածներուն թիւով, գուցէ աւելի ուրիշներ երեւցան այս հանդէսին մէջ, միջին եւ աւելի փոքր տարիքի ուժեր, երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ, որոնք գիրքերով ու առանձին գրութիւններով կը շարունակեն մասնակցիլ գրականութեան ընթացքին: Ասոնք կը գտնուին լինելութեան մէջ, անակնկալներ ստեղծելու հանգրուան մը, եւ նոյն պատճառով ճիշդ պիտի չըլլար վճռական կարծիք յայտնել անոնց մասին: Անկարելի է սակայն լուռ մնալ ու չըսել, որ այսօր, Սփիւռքի մէջ, գրիչ շարժող տասէն առնուազն եօթը սկսած են «Բագին»ի մէջ:
«Բ.».- Մինչեւ 60ականները ազգային դաստիարակութեամբ եւ բոլորովին «սփիւռք չեղած» սերունդ կար, «Բագին» կրնար համախմբել: Հայրենիքի մէջ ապրողի պէս գրողներ կային: «Սփիւռք»ի ներկայ պատկերը,- տարտղնում եւ բազմերես մաշումներ,- կրնա՞յ իրապէս ծնունդ տալ լիիրաւ գրողի:
Պ. Ս.- Ճիշդ է, որ «Բագին»ի առաջին տարիներուն երէց թէ երիտասարդ սերունդներու մէջ լիարժէք գրողներ կային, բայց պիտի ընդունինք, որ անոնցմէ ոմանք աշխուժացան ու բիւրեղացան առաւելաբար «Բագին»ի մէջ: Սխալած չենք ըլլար, եթէ ասոնց շարքին յիշենք Վահէ Օշականը, Յակոբ Կարապենցը, Ա. Արփինէն, Ժիրայր Աթթարեանը, Արմանտը, Լեւոն Մկրտչեանը: Տարտղնումներ եղան ու տարտղնումներուն հետեւեցան մաշումներ: Լիբանանեան երկարատեւ պատերազմի հետեւանքով հարկադրաբար հեռացան գրականութեան համար աւելի նպաստաւոր լիբանանեան պայմաններէն շուրջ տասը նորեր, որոնք եթէ այդ աննպաստ ստիպումէն զերծ մնացած ըլլային, տարբեր կ՛ըլլար թէ՛ իրենց մտաւորական բախտը եւ թէ «Բագին»ի էջերուն թարմ ներդրումներ ողջունելու ուրախութիւնը:
«Բ.».- Կա՞յ դարման, կա՞ն դարմաններ – նոր ժամանակի հայաբարբառ հայ գականութեան ստեղծման եւ զարգացման:
Պ. Ս.- «Բագին»ի հրապարակ եկած տարին ու յաջորդ երկու-երեք տասնամեակներուն, ճիշդ է, որ Սփիւռքի գրողներուն մեծ մասը կու գար գրականութեան համար աւելի նպաստաւոր հաւաքականութիւններու ծոցէն, կամ հարազատ հողի մը վրայ կոխած բախտաւորներու շրջանակներէն եւ նոյն պատճառներով համախմբումը, խանդավառութիւնը, ստեղծագործելու հրավառութիւնը աւելի ձեռնտու ազդակներ էին, բայց կը կարծենք գրական ստեղծագործութիւններու համար կարելի չէ վերջնական պայմաններ առաջադրել: Ես չեմ գիտեր, թէ Նարեկացին նպաստաւոր ի՞նչ պայմաններ ունէր հրաշակերտելու համար իր «Մատեան ողբերգութեան»ը, կամ շա՞տ նպաստաւոր պայմաններու մէջ կ՛ապրէր ու կը ստեղծագործէր Աբովեան, որ գրեց իր անկրկնելի «Վէրքը», որ լոյս տեսաւ մահէն տասը տարի ետք միայն: Յիշենք նաեւ անխուսափելին, Յակոբ Օշականը, որ կ՛ըսէ իր գլուխ-գործոցին համար: «Մնացորդաց»ը յղացուած ու գործադրուած է լոյսին արժանանալու յոյսէ մը հիմնովին հեռու հոգեբանութեան մը մէջ»: Չենք կրնար անտես ընել այս անհերքելի իրականութիւնները: Բացառութիւններու այս փաստերուն հետ, հողին ու հաւաքականութեան ծնուցիչ ուժերուն կարգին, անկարելի է անտեսել ուսուցիչներուն վարակիչ դերը: Կրկնելով աւելցնենք դարձեալ, որ մեզմէ աւելի նպաստաւոր մթնոլորտի մը մէջ չէր գտնուեր Ծոփաց աշխարհը, ուր վարժապետ մը, Թլկատինցին, փաղանգ մը գրողներ ընծայեց միաժամանակ Արեւմտահայ եւ Սփիւռքի գրականութեանց,- Զարդարեանի, Համաստեղի, Թոթովենցի ու Նուրիկեանի պէս երախտաշատ դէմքեր:
«Բ.».- Սփիւռքի գրականութիւնը, մինչեւ վերանկախացում, արեւմտահայերէնով արեւմտահայ գրականութեան շարունակութիւն էր: Այսօր տուեալները փոխուած են: Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք ապագան: Ի՞նչ կրնանք ընել եւ չենք ըներ:
Պ. Ս.- Կը կարծեմ, որ ճիշդ չէ ըսել, որ մինչեւ վերանկախացում «Սփիւռքի գրականութիւնը արեւմտահայերէնով կը մշակուէր եւ ձեւով մը շարունակութիւնը կը հանդիսանար Արեւմտահայ գրականութեան»: Պարսկահայերը միշտ արեւելահայերէնով լեցուցին իրենց էջերը: Արեւելահայերէնով գրեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք Սփիւռք ապաստանած շարք մը գրողներ: Ինչ կը վերաբերի մեր գրականութեան ապագային, սխալ չէ ըսել, որ Սփիւռքի մէջ անիկա պիտի շարունակէ արեւմտահայերէնով հանդէս գալ ու մեծ չափով մը շարունակել Արեւմտահայ գրականութեան աւանդութիւնները: Այս տեսութեան մէկ կողմին պատասխանը կարելի է գտնել նախորդ հարցումին տրուած արձագանգին մէջ, թէ` Սփիւռքի գրականութեան շարունակականութեան մէջ պէտք է որոշիչ դեր մը վերագրել գրականութեան ուսուցիչներուն: Անցեալ դարու յիսունական թուականներուն մեր երկրորդական վարժարաններէն ոմանք, Ճեմարանը, Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, Երուսաղէմի ու Անթիլիասի Ժառանգաւորաց վարժարանները օժտուած էին գրականութեան մեծանուն ուսուցիչներով, որոնք կը կոչուէին Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Կարօ Սասունի, Վահան Թէքէեան, Վահէ-Վահեան, Յակոբ Օշական, Շահան Պէրպէրեան, Եդուարդ Տասնապետեան, Բիւզանդ Եղիայեան, Սիմոն Սիմոնեան: Հարկ է յիշել նաեւ անցեալ դարու քառասնական թուականներուն Հալէպի մէջ հաստատուած Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, ուր գրական ուժեր պատրաստելու Մինաս Թէօլէօլեանի եւ Մկրտիչ Մկրտիչեանի ճիգերը քիչ արդիւնք չտուին:
Հիմա քաջ պիտի ըլլանք ու խոստովանինք, որ մեր վարժարանները այդ մակարդակներով, արժանիքներով ու առաքելութեամբ օժտեալ ուսուցիչներ չունին: Գրականութեան ուսուցիչներ եղան ու կան, որոնք տասը եւ աւելի տարիներ ասպարէզի վրայ կը մնան, բայց նմուշի համար անգամ մէկ ուսանող չեն կրնար մղել դէպի գրականութիւն: Ես կը կարծեմ, որ մասնաւոր ծրագիրով գրականութեան ուսուցիչներ պատրաստելու հրամայականի մը առջեւ կը գտնուինք: «Համազգային»ի Հայագիտական հիմնարկը այդ պահանջին մասամբ գոհացում տուող յուսատու ձեռնարկ էր եւ գրականօրէն որոշ չափով արդարացուց իր գոյութիւնը, գրողներ տուաւ, հրապարակագիրներ, կրթական մշակներ ու ընթերցողներ եւ կրնար աւելին տալ, բայց նիւթական ինծի համար անըմբռնելի պատճառով վերջ դրուեցաւ անոր: Այն տեսակէտը կը փայփայուի երբեմն, որ Հայաստանը ինք պիտի գոցէ Հայագիտականի ձգած այդ բացը` Սփիւռքէն ուսանողներ ընդունելով: Այդ մասին ես անձնապէս մեծ պատրանքներ չունիմ, այն հիմամբ մանաւանդ, որ Հայաստանի մէջ ուսուցման եղանակը դասախօսական է, կառուցողական սկզբունքներով առաջնորդուող համակարգ չէ: Այնքան ատեն, որ դասախօսը դասախօսութեամբ կը բաւարարուի եւ ուսանողներուն հետ ստեղծագործ աշխատանք տանելու առաքելութեան չի լծուիր, հոն հազուադէպօրէն արուեստի ուժեր կը ծլարձակին:
«Բ.».- Իրապէս ո՞ւր կը գտնուին հայ գրականութեան զարգացման խոչընդոտները եւ որո՞նք են պատասխանատուները:
Պ. Ս.- Այդ հարցին պատասխանը կարծեմ արդէն ուրուագրուեցաւ վերի տեսութեան մէջ:
«Բ.».- Արհեստագիտական նոր նուաճումները կարելի կ՛ըլլա՞ն առաւել մը դարձնել հայ գրականութեան զարգացման համար:
Պ. Ս.- Իմ ծանօթութիւններուս ու… հասկացողութեանս սահմաններուն մէջ, արհեստագիտական նուաճումները որեւէ դեր չունին, չըսելու համար բացասական դեր կը խաղան անոնք: Քիչ մը աւելի ծանօթութիւն ունիմ համակարգիչին մասին, որուն դիմաց յանգած եմ այն եզրակացութեան, որ մտքի ծուլութեան մղող սարսափելի գործիք մըն է անիկա եւ ուրիշ ոչինչ:
«Բ.».- Սիրողական գրականութիւնը ժամանակավրէպ է: Մեր գրողներու ստուար մեծամասնութիւնը այլ զբաղումներ ունեցած է: Ինչպէ՞ս հասնիլ արհեստավարժ մակարդակ: Համասփիւռքեան, համազգային ծրագիր մը կրնա՞նք մշակել եւ գործադրել, որպէսզի հայ գրողը իր գրիչով ապրի, ինչպէս այլ ազգերու գրողը:
Պ. Ս.- Սիրողական գրականութիւնը այսօրուան երեւոյթ չէ ու մա՛նաւանդ մեզի յատուկ երեւոյթ չէ: Մեծ ժողովուրդներուն մեծ գրողներէն շատեր իրենք եւս տարբեր պաշտօններով կը լուծեն հացի խնդիրը: Մեր ազգային եւ կրօնական բարձրագոյն մարմինները կրնան կիսկատարներուն փոխարէն վաւերական արժէքներուն յանձնել քիչ ժամանակ խլող պաշտօններ ու հեռու պահել զանոնք գրիչով միայն ապրելու անկարելի ցնորքներէն:
Պատեհ առիթ է յիշել, որ գրիչով ապրելու փորձառութիւն մը ունեցանք մենք ի Հայաստան, Համայնավարութեան տասնամեակներուն ու հետեւանքները անծանօթ չեն ոչ ոքի: Ստեղծուեցաւ արհեստավարժ գրողներու խաժամուժ մը, որոնք, ճիշդ է, գրիչով ապրեցան, բայց իրենց գրականութիւնը, ինչպէս ենթադրելի էր ու ինչպէս պատահեցաւ, նոյնքան բախտաւոր չեղաւ ու մեռաւ իրենցմէ առաջ: Այս առիթով չեմ կրնար չյիշել գրեթէ զուարճալի մանրավէպ մը: Հայաստանի մէջ իբրեւ յատկանշական երեւոյթ կը պատմուի այն մասին, որ վիպագիր ու «Հայապատում» շարքին հեղինակ Սերօ իր «Մխիթար սպարապետ» անուն վէպին համար ճշդուած հոնորարը հաշուի առած, կը կարծէ գոցել Գորիսի մէջ կառուցանել տուած շէնքին պահանջած ծախսերը, բայց կինը կ՛անդրադառնայ յանկարծ, որ տուեալ հոնորարին մէջ կահկարասիին հաշիւը չէ եղած: «Դուն միամիտ կաց», կ՛ըսէ ու աւարտած ձեռագիր արդէն տպարան ղրկուած վէպին համար կը նստի ու յիսուն էջ եւս կը գրէ: Հոգեբանական նման շարժառիթները եւ անոնց հետեւող նիւթական վարձատրութիւնները պիտի ընդունինք, որ բնաւ ի նպաստ գրականութեան չեն եղած ու չեն կրնար ըլլալ… Եւ եթէ նման խորամանկութիւններով ու գձուձ հաշիւներուն ուժով պիտի ապրի գրող մը, լաւագոյն է, որ բնաւ չապրի…
«Բ.».- «Բագին» կամ Սփիւռքի գրական այլ հանդէսներ, ինչպէ՞ս կրնան տոկալ եւ տեւել: Ինչպէ՞ս համոզել զանգուածը, որ զգայ անոնց ազգային դերը եւ զօրավիգ կանգնի անոնց: Գրողներէն անդին, ղեկավարութիւնները դեր մը ունի՞ն, կը ստանձնե՞ն այդ դերը:
Պ. Ս.- Ժամանակի հարթիչ գլանին դիմացած ըլլալու «Բագին»ի օրինակին յիշատակութիւնը պիտի բաւէր Սփիւռքի մէջ գրական հանդէսի մը տոկալու գաղտնիքը պարզելու համար: Ոչ ոք կը մոռնայ այն իրականութիւնը, որ 1975ին Լիբանանի մէջ ստեղծուած պատերազմական երկարատեւ տագնապի բացասական պայմաններուն երկայնքին, «Բագին» առանց դադարի, այսինքն` ամենայն կանոնաւորութեամբ հրատարակուեցաւ, վայելելով անվերապահ համարումը Սփիւռքի թէ հայրենի գրողներուն: Թոյլ տուէք հիմա հաղորդել ուրիշ եւ վերին աստիճանի օրինակելի իրադարձութիւն մը, միշտ «Բագին»ի առնչութեամբ: 1977ին, գումարուեցաւ այս ամսագիրը նիւթապէս հովանաւորող Հ. Յ. Դաշնակցութեան հերթական համագումարը: Խմբագիրը, Պօղոս Սնապեան, այն ենթադրութեամբ, որ գրականութիւնը խաղաղութեան ատեն անգամ լայն տարածում չէ գտած Սփիւռքի մէջ, հետեւաբար, անհաւանական չէ, որ պատերազմեան երկարաձգուող անորոշութեան մէջ համագումարը վերջ պիտի դնէ բազմածախս այս հրատարակութեան, իբրեւ վերջին գործ, իբրեւ 15ամեայ գործունէութեան պսակ, մանրակրկիտ ու հեւ ի հեւ աշխատանք պահանջող կորովով մը խմբագրուեցաւ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 80ամեակին նուիրուած բացառիկը: Բայց բարձրագոյն մարմինին անդամները համագումարէն վերադարձան մեր ենթադրութենէն բոլորովին տարբեր տրամադրութեամբ մը, եռուն խանդավառութեամբ, եւ ո՛չ միայն ամսագիրին շարունակութիւնը ապահովելու պատասխանատուութիւնը դարձեալ ստանձնած, այլեւ` գլխաւոր խմբագիրին կողքին առաջարկեցին կազմել խմբագրական վճարովի մարմին մը, ինչ որ տեղի ունեցաւ ու խումբ մը երիտասարդներ գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութիւն եղան խմբագրատան մէջ: Վերին մարմինի այս պատասխանատուութիւնը կարճ ժամանակ մը ետք եղածին պէս ստանձնեց նաեւ «Համազգային»ի կեդրոնական վարչութիւնը, որ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ զոհողութեամբ միայն կարելի գրական այդ ձեռնարկին: Սփիւռքի մէջ գրական հանդէս մը ոտքի կեցնելու ուրիշ միջոց ես չեմ պատկերացներ: Առանց անհատ մեկենասներու օժանդակութիւնը անտեսելու, փաստը ցոյց տուած է, որ անիկա կը կարօտի մանրանկար պետութիւններու օժանդակութեան, «Համազգային»ի, Բարեգործականի եւ Կիւլպէնկեանի պէս ամրակուռ կառոյցով հաստատութիւններու:
«Բ.».- Պօղոս Սնապեան, յիսնամեակի այս առիթով, հայ գրականութիւնը մշակելու կիրք եւ փորձութիւն ունեցողներու, եւ անոնց բնական պատուանդան ըլլալու կոչուած հայ զանգուածին փոխանցելիք պատգամ մը ունի՞ք:
Պ. Ս.- Գրականութիւն մշակողներուն ու մշակուածին պատուանդան ըլլալու կոչուած զանգուածներուն միջեւ խզումը աւելի ակներեւ է այսօր, քան իրարու լրացուցիչ ուժեր ըլլալու իտէալական կացութիւնը: Հիմա մեր թերթերն ու հանդէսները բանաստեղծութիւններ լոյս կ՛ընծայեն ու լոյս կ՛ընծայեն արձակ էջեր, որոնց 90 տոկոսը, թերեւս նոյնիսկ աւելին, սկսած ու աւարտած են կարծես բառարաններէն բռնօրէն անջատուած ու քով քովի դրուած անյոյզ գործօններ, երբ ամէն ոք գիտէ, որ գրութիւն մը կենդանութեամբ օժտելու համար, բառերը պէտք է անցած ըլլան ներքին հասարակածէն, որպէսզի «այրեն սրտերը սուրբ հրով», ինչպէս պիտի ըսէր եղերաբախտ Եղիշէ Չարենց: Այս տեսութեան մասին շատ խօսած եմ ու նոր ըսելիք մը չունիմ, թէեւ ընկալչութիւնս երբեք չեմ գոցած անակնկալներու դիմաց: Առանց պատգամախօսի «շուրջառ» առնելու վրաս, բաղձանքի քողին տակ, թերեւս կարելի է քանի մը խօսք ըսել գրականութեան նորընծաներուն, որ անմնացորդ յարգանք մը տածեն հայոց լեզուն գիտցող ու գործածող բոլորին հանդէպ, բայց գրական արժեւորումներու պարագային, դժուարահաճութիւնը ըլլայ իրենց կարգախօսը, համագումարներու մասնակցելու հրաւէրը արժէքի հետ չշփոթեն, չկաշառուին հաշուախնդրութեամբ շնորհուած շքանշաններուն ու երբեք չտարուին յարաբերական ճամբաներով սարքուած շնորհահանդէսներու ձրի ծափահարութիւններով, այլ առանց աջ եւ ահեակ խոտորելու, մխրճուին իրենց էութեան մէջ ու երկարատեւ երկունքներու նահատակութեամբ պեղեն իրենց հոգիները, ուր անպայման պիտի հանդիպին չկռահուած գանձերու, որոնց կարօտով կը տոչորինք ամէնքս…