Գրիգոր Շահինեանի Սէրը` Նկարչութեան Արուեստին Հանդէպ (Մահուան 4-րդ Տարելիցին Առիթով)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Ռոժիէ Վան Տեր Վէյտընի նկարը՝ « Խաչէն իջեցումը», 1435, Մատրիտի «Փրատօ» թանգարանին մէջ

Հայ գրողները, քիչ բացառութեամբ, հետաքրքրուած են գեղանկարչութեամբ, քանդակագործութեամբ կամ երաժշտութեամբ: Պոլսոյ գրական շրջանէն ունինք` Ինտրան, Գեղամ Բարսեղեանը եւ Ռուբէն Սեւակը: Բացառիկ պարագայ մըն է Կոստան Զարեան, որ մասնագիտական մօտեցում ունեցած է արուեստներու նկատմամբ, ուսումնասիրած է Բաբելոնի, Ասորեստանի եւ Հայաստանի հնագիտութիւնն ու մշակոյթը ու դասաւանդած` ճեմարանի մէջ, 50-ական թուականներուն, արուեստի պատմութիւն:

Գրիգոր Շահինեան իր Պելճիքա ուսանողութեան շրջանին հետեւած է հոլանտական եւ ֆլամանտական արուեստի պատմութեան: Իր գրական համալսարանական պարտականութիւններուն զուգահեռ, ուսումնասիրութիւն մը կատարած է ֆլաման հանճարեղ նկարիչ Ռոժիէ Վան Տեր Վէյտընի մասին, որ կը նկատուի «Հիւսիսի հանճարը» (1400-1464):

Ան յատկապէս վերլուծած է «Յիսուսի խաչէն իջեցումը» նկարը, որ ներկայիս կը պահուի Մատրիտի «Փրատօ» թանգարանին մէջ:

Եւրոպացի գրողները, գրեթէ անխտիր, ոչ միայն հետաքրքրուած են գեղանկարչութեամբ, այլ նաեւ` գրած: Իսկ Վիքթոր Հիւկօ եւ Պոտլեր լաւ գծողներ եղած են: Պոտլերի պաշտպանած գեղանկարիչը հանդիսացած է վիպապաշտ նկարիչ Էօժեն Տելաքրուա, որուն Փարիզի նկարչական «սալոն»-ներուն մասին գրած քննադատութիւնները մինչեւ այսօր հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն:

Ստենտալ գրած է իտալական արուեստին մասին, Անտրէ Պրեթոն` գերիրապաշտութեան մասին, Փոլ Վալերի` «Ներածութիւն Լէօնարտօ տա Վինչիի մեթոտին մասին»: Էմիլ Զոլա` Էտուար Մանէի, Սեզանի եւ այլ նկարիչներու մասին: Մեր ժամանակներու հռչակաւոր գրող Անտրէ Մարլօ արուեստի մէջ փնտռած է ժամանակի եղծանումին դէմ պայքարելու միջոցը եւ անդրադարձած է մարդու մահուան բնազդին մասին:

Տակաւին կրնանք յիշել Կէօթէն, որ գրած է «Գոյներու թէօրիի մասին», «Վերթեր» վէպը  եւ` իտալական արուեստի մասին: Օսկար Վայլտը` իր նշանաւոր «Տորիան Կրայի դիմանկարը» վէպով, բանաստեղծ Ռենըր Ռիլքը, որ եղած է նշանաւոր արձանագործ Օկիւսթ Ռոտենին քարտուղարը: Ժպրան Խալիլ Ժպրան իր գրական գործունէութեան հաւասար եւ աւելի՛ զբաղած է գեղանկարչութեամբ:

Փիլիսոփաներ Պղատոն, մանաւանդ Հեկել եւ Քանթ պեղած են արուեստի էութիւնը խորապէս:

Թագաւորներ Ֆրանսայի` Շարլ 7-րդ, Ֆրանսուա Ա., որ Ֆրանսա հրաւիրած է Մեծն Լէօնարտօ տա Վինչին, եւ Լութովիկոս 14-րդը, որ իտալացի նշանաւոր նկարիչներ հրաւիրած է իր պալատը: Սպանիոյ Շարլըքենը ամսական վճարում սահմանած է Թիսիէնին, յիշենք նաեւ հայոց Լեւոն Բ. թագաւորը, որուն համար աշխատած է Թորոս Ռոսլին:

Գրիգոր Շահինեան երբ ընտրուեցաւ Համազգայինի տեղական վարչութեան ատենապետ, իր վարչութեան անդամներուն գործակցութեամբ հիմնեց «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը, որուն մաս կը կազմեն երաժշտական դպրոցը եւ «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիան:

Ան ոչ միայն զգայուն, արդարասէր հայ մըն էր, այլ` մեծագոյն գրաքննադատ եւ արուեստներու սիրահար մը:

Իր յիշատակը կը մնայ անթառամ` իր բարեկամներուն եւ զինք սիրողներուն սրտերուն մէջ:

 

 

Պուրճ Համուտ

12/2/2013

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )