Ողջոյն Սուրիահայ Քաջերուն

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Քանի ամիսներէ ի վեր հայկական տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլն ու հաղորդակցութեան այլ միջոցներ կը գրեն սուրիահայութեան մասին, երբեմն չստուգուած լուրեր հաղորդելու շտապողականութեամբ, շատ յաճախ հեռանալով հարցին պահանջած նրբանկատութենէն, սփիւռքն ու հայրենիքը կը խօսին օգնութեան ձեռք երկարելու մեծ ու փոքր միջոցներու շուրջ, ամէն կողմ սուրիահայութեան օժանդակութեան ձեռնարկներու մասին յայտարարութիւններ, վերլուծումներ ու կարծիքներ, երբեմն` զայրոյթ ու պոռթկում: Այս բոլորի հանրագումարին անկասկած պէտք է տալ «համահայկական մտահոգութիւն» խորագիրը:

Քրտական առակներէն մէկուն կ՛ուզեմ դիմել` միտքս ամենահարազատ ձեւով պարզելու համար: Առակը կ՛ըսէ. «Քի նա լըշառա շէր ա», այսինքն ան, որ կռուի մէջ չէ, առիւծ է, եւ այս առակը հարազատ արտայայտութիւնն է այն պատկերին, երբ աշխարհի տարբեր երկիրներ կայք հաստատած հայորդիներ (մեծամասնութեամբ` անկասկած սրտցաւ ու օգնելու անկեղծ միտումով) կը փորձեն խորհուրդներ տալ պատերազմական դժոխքին մէջ յայտնուած սուրիահայութեան, իսկ համեմատաբար հարցին մասին ամենաքիչ խօսողը նոյնինքն սուրիահայութիւնն է:

Քիչ խօսիլն ալ իր բացատրութիւնը ունի: Գաղութին ծանր ու ճգնաժամային հարցերով զբաղած ու իր համեստութեամբ ծանօթ սուրիահայը աղմկելու ժամանակ չունի, որովհետեւ գաղութին կարիքները շատ մեծ են, դիմագրաւած հարցերը` շատ ծանր, վտանգը` ահաւոր եւ կացութիւնը` շա՛տ բարդ: Իսկ այդ խնդիրները արժանապատուօրէն դիմագրաւելու վճիռ տուած են սուրիահայ քաջերը, որոնք իրենց անձնական կարիքներէն անդին,  համագաղութային խնդիրները դիմագրաւելու պատասխանատուութեան բարձրագոյն գիտակցութեամբ, որոշեցին չհեռանալ, Հայ ծերանոցի բնակիչները չլքել դաժան ճակատագիրի քմահաճոյքին, Ազգային պատսպարանի բնակիչները անօգնական, հայ դպրոցի աշակերտը ուսումնազուրկ, հայ եկեղեցին ու կեդրոնը անպաշտպան, հայ նահատակը անթաղ, հայ վիրաւորը անխնամ, հայ կարիքաւորը անզօր չձգել: Մէկ խօսքով, նուիրեալ հայորդիներ, հաւատարիմ մնալով իրենց առաքելութեան, մերժեցին սուրիահայ համայնքը լքել անկազմակերպ: Այս քաջ հայորդիները արժանի են համայն հայութեան ամենախոր յարգանքին, որովհետեւ անոնք համայնքի հաւաքական անվտանգութիւնը գերադասեցին իրենց անհատական ապահովութենէն եւ ամէն ճիգ թափեցին ու կը շարունակեն թափել մեր ազգի մէկ հատուածին կորուստները նուազագոյնի իջեցնելու համար:

Առաջին իսկ օրէն սուրիահայութիւնը ինքնակազմակերպման բոլոր քայլերը առաւ, համագաղութային ճիգերու մէկտեղումով աստիճանաբար գոյացուց ու կազմաւորեց իր աշխատանքային կառոյցը, շտապ օգնութեան միաւորները եւ սպասեց համահայկական օժանդակութեան հոսքին: Բնական է, որ նման իրավիճակներ դիմագրաւելու փորձ ձեռք բերելը ժամանակ պիտի առնէր, բայց սուրիահայութիւնը հնարաւոր ամենակարճ միջոցին յաղթահարեց: Սակայն, եթէ Հայաստան իր պետական կառոյցով եւ «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութեամբ կրցած է որոշ չափով կազմակերպուած վիճակի մէջ դնել սուրիահայութեան օժանդակութիւնը, դժբախտաբար օգնութիւն ցուցաբերելու պատմական փորձ ունեցող սփիւռքը դեռ չէ կրցած յաղթահարել սուրիահայութեան օժանդակութեան անկազմակերպուածութիւնը եւ ճիշդ անոր համար «Օգնեցէք սուրիահայութեան» աղմուկը աւելի շատ է, քան` արդիւնքը:

Այստեղ օժանդակութիւն ըսելով` նկատի չունիմ անպայման նիւթական ու մարդասիրական օգնութիւնը, որովհետեւ ընկերային ու տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւող սուրիահայութիւնը կարիքը ունի նաեւ քաղաքական օժանդակութեան: Երբ Թուրքիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու անմիջական եւ ուղղակի օժանդակութիւնը վայելող զինեալ խմբաւորումներ հրոյ ճարակ կը դարձնեն հայկական եկեղեցին, կը սրբապղծեն Ցեղասպանութեան զոհերու աճիւնները, հայկական թաղամասերու հարեւանութեամբ թուրքերու ու ազերիներու դիակներ կը յայտնաբերուին, ապա այս երեւոյթները պէտք է արժանանային սփիւռքահայութեան քաղաքական կառոյցներու բողոքին ու արձագանգին:

Սուրիահայը կը դիմանայ, «որքան վայել է քաջին», կը մնայ սփիւռքահայը կազմակերպուածութիւն դրսեւորէ եւ հայավայել բոլոր միջոցներով օժանդակէ անոր:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )